image

Լոս Անճելըս. Ամեն. Սահակ Բ. Պատրիարք այցելած է Պոլսահայ Միութեան Կեդրոն

Լոս Անճելըս. Ամեն. Սահակ Բ. Պատրիարք այցելած է Պոլսահայ Միութեան Կեդրոն

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ այս օրերուն, Արեւմտեան թեմի Հայոց առաջնորդութեան հրաւէրով կը գտնուի Լոս Անճելըս, այցելութիւն տուած է քաղաքի Պոլսահայ Միութեան կեդրոնատեղի։

Երկար ժամանակէ ի վեր Պոլիսէն արտագաղթած հայրենակիցներ մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած են Պատրիարք Հօր այցելութիւնը։ 

«Արեւելք» Ամեն. Պատրիարք հօր ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ տուած այցելութեան կարեւոր կանգառներուն մասին տեղեկատւութիւնը կը ստանայ՝ Պոլսոյ Պատրիարքութեան դիմատետրեան պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ՝ լրատւոթւիւնը։

Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութիւնը իր տարեգրութեանց պատմական օրերէն մին ապրեցաւ, միութեան կեդրոնին մէջ հիւրընկալելով Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ 18 Յունիս 2025, Չորեքշաբթի երեկոյ ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան, պաշտօնական ընթրիք մը սարքուեցաւ Պոլսահայ Միութեան մէջ։

Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի եւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, Պոլսահայ Միութեան մուտքին դիմաւորուեցաւ գործադիր մարմնի ատենապետ Հերման Չէլիքի գլխաւորած վարչութեան անդամներու կողմէ։ Աղ ու հացի օրհնութեամբ Պատրիարք Հայրը մուտք գործեց շէնքէն ներս եւ ապա միութեան համալիրին մէջ շրջապտոյտ տեղի ունեցաւ։ Միութիւնը զոյգ սրահներով, վարչական սենեակներով եւ Կեդրոնականի, Էսաեանի եւ Մխիթարեանի շրջանաւարտներու համար յատկացուած համալիրներով ընդարձակ տեսք մը ունի։ Միութիւնը Երանաշնորհ Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. պատրիարքներէ յետոյ այժմու պատրիարքը եւս հիւրընկալելու պատիւը ունեցաւ։

Պատրիարք Հայրը նախ կանգ առաւ վարչական սենեակին մէջ, ուր վարչութեան անդամներ Պոլսահայ Միութեան պատմականին եւ առաքելութեան մասին տեղեկութիւններ տուին ։ Ներկայ շէնքի կառուցման մասին կամքի դրսեւորումը յատուկ ձեւով գնահատանքի արժանացաւ հոգեւոր հայրերու կողմէ։ Այստեղ Պատրիարք Հայրը, Տ. Յովնան Արքեպս. եւ Տ. Յարութիւն Վրդ. մակագրեցին պատուոյ տոմարը։ 

Ժամը 18.30-ին, Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիւօղլու սրահի մէջ հաւաքուած աւելի քան 150 մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Արժ. Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեան, Պրազիլէն նախկին Պոլսահայ Արժ. Տ. Եզնիկ Ա. Քհնյ. Կիւզէլեան, Արժ. Տ. Ռազմիկ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեան, Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, Տ. Գէորգ Քհնյ. Ապեան, Ատենապետ Սարօ Մարուգեանի գլխաւորած Պատրիարք Հօր այցելութեան առթիւ Արեւմտեան Թեմէն ներս կազմուած կարգադիր յանձնախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տէրիք Ղուկասեան։

Հանդիսավարն էր Քրիստին Տէմիրալ։ Սեղանի օրհնութենէ յետոյ ներկաներ ունկնդրեցին հայկական մեղեդիներ։ Ապա, նախկին Պոլսահայ Լիտա Քէօսէօղլու մեներգեց տոհմիկ երգեր։ Յաջորդաբար Պարոյր Սեւակէ բանաստեղծութիւններ ասմունքեց Ժպիտ Չընար։ Ներկայացումները բոլորի գնահատանքին արժանացան։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ատենապետ Հերման Չէլիք եւ յայտնեց, թէ ինք նոր կոչուած է ատենապետութեան պաշտօնին եւ այս շրջանին մեծ ուրախութիւն էր, որ Պոլսահայ Միութիւնը կը հիւրընկալէր Պատրիարք Հայրը։ Միութիւնը ներկայիս առաւել եւս թափ ստանալ սկսած էր իր գործունէութեան եւ սոյն հանդիսութիւնը կու գար ըլլալու մղիչ զօրութիւն մը իրենց առաքելութեան մէջ։ Ապա հանդէս եկան Արա Տէնս Մշակութային Կեդրոնի պատանիները, ղեկավարութեամբ պարուսուց Պր. Տէյվիտ Ադամեանի որոնք հայկական ժողովրդական պարերով ծափողջոյններ խլեցին։

Յանուն Պոլսահայ Միութեան արտայայտուեցաւ նախկին ատենապետներէն Սիմոն Աճըիլաչօղլուն, որ միութեան անցեալին մասին տեղեկութիւններ տալով յայտնեց, թէ ներկայ շէնքի հիմնարկէքին եւ թէ՛ բացման արարողութեանց ներկայ եղած էին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոսը։ Հետեւաբար Պոլսահայ Միութեան ներկայ սրահի վերակառուցումը պատուական սկզբնակէտի մը արժանացած էր։ 49 տարիներու ընթացքին միութիւնը կը ջանար Պոլիսէ հեռու ըլլալով հանդերձ Պոլսական հայեցի շունչը վառ պահել եւ տարածել իր շուրջ։ Այս առումով կարեւորեց Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը եւ ըսաւ, որ ինք անցեալին եւս գտնուած էր այստեղ, իսկ այս անգամ որպէս Պոլսոյ Պատրիարք ներկայութիւնը առաւել եւս իմաստալից կը դառնար։ Աճըիլաչօղլու յիշեցուց նաեւ, թէ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը միշտ իր հովանաւորութիւնը բերած է միութեան գործունէութեանց։ Այս առթիւ նշեց նաեւ Սրբազան Հօր քահանայական ձեռնադրութեան 45-ամեակը եւ շնորհաւորեց զինքը։ Նաեւ նշեց, թէ Պոլիսէն տարբեր առիթներով եկեղեցականներ փութացած են Լոս Անճելըս եւ առիթը ունեցած են շփուելու տեղւոյն ժողովուրդին հետ։ Այսպէս Տ. Յարութիւն Վրդ., որ սոյն այցելութեան ընթացքին Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանայ որպէս գաւազանակիր, եղած էր Պոլսահայ Միութիւն այցելող Պատրիարքական Աթոռոյ վերջին հոգեւորականը եւ գնահատանքին արժանացած՝ տեղւոյն ժողովուրդին։ Այս առթիւ շնորհաւորեց նաեւ Հայր Սուրբին քահանայական ձեռնադրութեան 10-ամեակը։

Եզրափակիչ փուլին սրտի խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս եւ յայտնեց, թէ Պատրիարք Հօր պատմական առաջին այցելութիւնը թեմական կեանքէ ներս արդէն իսկ իր դրական անդրադարձը ունեցած էր։ Անցեալ երկու օրերու ընթացքին, Պատրիարք Հօր հետ շփման մտած ժողովուրդը, իր գոհունակութիւնը յայտնած էր։ Իսկ, բնական էր, որ Պոլսոյ Պատրիարքը արժանավայել ձեւով պէտք է հիւրընկալուէր Պոլսահայ Միութեան մէջ եւ այս գիշեր այս մէկը իրականացած էր։ Սրբազան Հայրը, ըսաւ որ սոյն այցելութիւնը մինչեւ Կիրակի վստահաբար առաւել եւս անդրադարձներ պիտի ունենայ, բան մը որ առիթ պիտի ստեղծէ Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու եւ լսելու իր պատգամները։

Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոսին, որ առաջին օրէն սկսեալ ամէն պահուն կը հետաքրքրուի սոյն այցելութեան մանրամասնութիւններով եւ իր ներկայութեամբ ցոյց կու տայ նաեւ, թէ Արեւմտեան Թեմէ ներս ինչպէս ազգային եկեղեցական կեանքը տարիներու ընթացքին այսքան զարգացած էր։ Ի միջի այլոց ըսաւ. «Իրապէս շուարած եմ այսօր եւ այսքանը չէի ակնկալած։ Պոլիսէն այսքան հեռաւոր Լոս Անճելըսի մէջ այսօր տեսայ Պոլիս մը եւ ալ աւելին՝ որակաւոր Պոլիս մը, այսինքն իր հայեցի ներկայութեամբ, մշակոյթով եւ կազմակերպութիւնով։ Շնորհակալ եմ որ այս տեսարանը տեսնելու արժանի եղայ»։

Պատրիարք Հայրը յատուկ ձեւով նշեց Սարօ Մարուգեանը, Սիմոն Աճըիլաչօղլուն եւ Հերման Չէլիքը եւ զանոնք որպէս օրինակ ցոյց տալով ըսաւ, որ կան անձեր որոնք իրենց սուրբ յամառութեամբ կը կատարեն գործունէութիւն մը յօգուտ ազգին եւ այս պարագային Պոլսահայ հասարակութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ բախտաւոր է, քանի յաջողած կրնայ համարուիլ իր ծոցէն ելած կամաւորներու արտադրումով։ Իր խօսքերու աւարտին մաղթեց որ շարունակական մնայ այս սուրբ առաքելութիւնը, որպէսզի Պոլսահայ ազգային եկեղեցական կեանքը որ ներկայիս կանգուն է, իր արտացոլացումը ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ։

Յաջորդաբար ատենապետ Հերման Չէլիքի եւ խնամակալութեան համաատենապետ Յովհաննէս Սապունճուի ձեռամբ, Պատրիարք Հօր յանձնուեցաւ ապակեայ յուշապնակ մը, միութեան երախտագիտական զգացումները արձանագրուած։ Իսկ Պատրիարք Հայրը, որպէս յիշատակ նուիրեց Պատրիարքարանի շքամուտքի նկարով շրջանակ մը։ Բաց աստի նուիրեց Աթոռոյս հրատարակութիւններէն «Պոլիսը՝ Հին Եւ Նոր» եւ “Աւետիք Պատրիարքի խորհրդաւոր կեանքը” գիրքերը։

Հանդիսութեան աւարտին ներկաներ Պատրիարք Հօր հետ անմիջական զրոյց ունենալու առիթը ունեցան։