Հօրս՝ Աւօ Տէր Ստեփանեանի յուշերը․ Սկիզբը՝ հոս
Երբ մեծ քեռիս ընտանեօք հաստատուեցաւ Պէյրութ, միասին բնակեցանք եւ տուն վարձեցինք Զոքաք ըլպլաթ, Քասթի փողոցը, եւ ես փողոցներէն ետ չեկայ:
Քեռիս երեք զաւակներ ունէր որոնք եղբայրներս եւ քոյրս դարձան, իսկ քեռկինս որ միեւնոյն ժամանակ հօրաքոյրս էր, տարբեր սիրալիր վերաբերմունք ունէր իմ հանդէպս: Ես իր մէկ հատիկ եղբօր որդին էի, եւ մեծ ընտանիքի մը միակ շառաւիղը: Այս կը նշանակէր՝ եօթ եղբայրներ Համիտեան ջարդերուն զոհ գացած Ակնայ մէջ, եւ հայրս՝ միակ փրկուածը, անոր համար, որ ան Եգիպտոս կը գտնուէր այդ ժամանակահատուածին:
Մինչ Պէյրութ այդ օրերուն կ’եռար իրադարձութիւններով եւ դէպքերով, ես անտեղեակ այդ բոլորէն, իմ տղայական արկածախնդրութիւններուս ետեւէն էի: Եւ օր մը հանդիպեցայ ցուցարարներու եւ հետեւեցայ իրենց, որոնք կը կրկնէին «Պատնա(կ’ուզենք) Պշարա, պատնա Րիատ»: Եւ ետքը հասկցայ որ ֆրանսացիները բանտարկած էին նախագահը եւ վարչապետը: Ցուցարարները մէկը շալկած էին արտասովոր երեւոյթով, որ ծաղրական ձեւով կը գոչեր «Անա Էտտէ հպպունի»(Ես Էտտէն եմ, սիրեցէք զիս) եւ ամբոխը կը պատասխանէր իրեն՝ արհամարհական եւ ծիծաղելի բառերով: Չկրցայ աւելի հետեւիլ ցուցարարներուն, որովհետեւ հողաթափս բացուած էր եւ պէտք էր տուն վերադառնայի բոպիկ:
Ուրիշ օր մը երբ կը խաղայի քիւրտ Մէզկէնին հետ, կռիւ ըրի եւ գլուխը պատռեցի քարով, ան լալով գնաց, ես ալ փախայ տուն եւ պահուըտեցայ բաղնիքը: Մի քանի վայրկեան չանցած՝ քիւրտերը մեծ խումբով յարձակումի եկան վրաս, զիս կը փնտռէին եւ գլուխս կ’ուզէին ամէն գնով: Մայրս շատ բարկացած բացաւ դուռը բռնեց ձեռքէս եւ խստօրէն հրեց զիս քիւրտերուն առջեւ եւ ըսաւ․ «Արդէն հայր չունի, առէ'ք զինք ալ մորթեցէք»:
Մէզկէնը որ խումբին կ’ընկերակցէր որպէս փաստ իմ չար արարքիս, քաշեց հօրը ձեռքը եւ լալով ըսաւ․ «Պապա մի' մորթեր Աւօն, ես կը սիրեմ Աւօն...»:
Միշտ կռիւ կ’ընէի եւ վիրաւոր տուն կը վերադառնայի, միայն հօրաքորս տէր կ’ելլէր ինծի եւ կը դեղէր վէրքերս:
Հայ Աւետարանական Գոլէճ կը յաճախէի քեռիիս տղոց հետ: Դպրոցը ինծի համար իտէալ վայր մը չեղաւ, բայց հոն յստակացաւ թէ ի՛նչ կը սիրեմ կեանքի մէջ եւ ի՛նչ չեմ սիրեր: Կը սիրէի լեզուներ, աշխարհագրութիւն, պատմութիւն, բայց բոլոր դասապահերը ինծի հետաքրքրական չէին թուեր: Եւ ուրեմն միշտ միջոցներ կը գտնէի դպրոցէն փախչելու:
Պատօն՝ քեռիիս փոքր տղան, անբաժան ընկերս էր եւ անդադար միասին էինք, միասին կը որոշէինք մեր արկածախնդրութիւնները:
Ձմրան ընթացքին դպրոցէն կը փախչէինք եւ կ’երթայինք սինէմա «Քրիսթալ», եւ հոն մէկը կար որ մեզի փախցուած ծխախոտ կու տար որ ծախենք, ինչպէս՝ «Քամէլ», «Լաքի սթրայք», «Կոլտըն ֆլէյքս», «Բլէյըրս», «3 5» եւ անշուշտ ոստիկաններուն աչքերը չէին վրիպեր մեզ նշմարել եւ հետապնդել, բայց մենք ամէն անգամ կը յաջողէինք խոյս տալ եւ ամենադժուար պարագային, երբ ոստիկանը բռնէր մէկուս ուսը, անմիջապէս անճարակ արաբերէնով կը մրթմրթայինք․ «Պապա, չենք գիտեր արաբերէն, պիտի ապրինք» եւ իսկոյն կ’արժանանայինք անոր ողորմութեան:
Իսկ ամրան՝ դպրոցէն կը փախչէինք եւ կ’երթայինք լողալու «Արպաաթ Այյուպ», որ կը գտնուէր Ժնահ եւ կը ստիպէինք քեռիիս աղջկան՝ Արտեմիսին որ ընկերակցէր մեզի, շալկելու համար մեր անիւները եւ ապա պահակութիւն ընելու մեր հագուստներուն երբ լողայինք: Այսպէս ամբողջ այս արկածախնդրութեան ընթացքին Արտեմիսը` Աջօն կու լար (որ այսպէս կը կոչէինք զինք), բայց չէր համարձակեր բերանը բանալ, որովհետեւ եթէ առարկէր, ոչ մէկ պուպրիկ իր պուպրիկներէն պիտի ազատեր մեր ձեռքէն, բոլորը պիտի պատռտէինք անխնայ:
•շար. 2