Ամեն. Սահակ Պատրիարք հիւրընկալուած է Մարուքեան ընտանիքին կողմէ։
Սարօ եւ Մանուշ Մարուքեաններ, ի պատիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, իրենց բնակարանին մէջ ընթրիքի մը շուրջ հանդիպում կազմակերպած են, որուն մասնակցած է նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան։
Ընտանեկան մթնոլորտի մէջ շուրջ 50 ազգայիններ առիթը ունեցան Պատրիարք Հօր հետ շփուելու եւ Պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին տեղեկութիւններ ստանալու։
«Արեւելք» Ամեն. Պատրիարք հօր ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ տուած այցելութեան կարեւոր կանգառմներուն մասին տեղեկատւութիւնը կը ստանայ՝ Պոլսոյ Պատրիարքութեան դիմատետրեան պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մասին լրատւութիւնը՝
Սարօ եւ Մանուշ Մարուքեաններ, 17 Յունիս 2025, Երեքշաբթի, իրենց բնակարանին մէջ ընթրիք մը սարքեցին ի պատիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Հանդիպման մասնակցեցան ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արժ. Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեան, Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան եւ Պատրիարք Հօր այցելութեան առթիւ Արեւմտեան թեմէն ներս կազմուած կարգադիր յանձնախումբի անդամներ։
Ընտանեկան մթնոլորտի մէջ շուրջ 50 ազգայիններ առիթը ունեցան Պատրիարք Հօր հետ շփուելու եւ Պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին տեղեկութիւններ ստանալու։ Նախկին Պոլսեցիներ եւս բաժնեցին անցեալէ յուշեր եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, որ Պոլսոյ Պատրիարքին հետ հանդիպելու առիթը ունեցած էին Լոս Անճելըսի մէջ։
Ընթրիքի ընթացքին ողջոյնի խօսք արտասանեց Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս եւ դրուատեց Մարուքեաններու թեմի ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս ունեցած ներդրումը։ Այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Սարօ Մարուքեան ստանձնած էր հիւրընկալութեան յանձնախումբի ատենապետութեան պաշտօնը, այլ նաեւ այսօր իր տան դռները կը բանար Պատրիարք Հօր եւ իր հարազատներուն։
Պատրիարք Հայրը արտասանեց սրտի խօսքը եւ յայտնեց, թէ մեծապէս զգացուած էր Լոս Անճելըսի շրջանի մէջ մէկ օրուան ընթացքին իսկ տեսածներով։ Թէ՛ վարժարաններու այցելութիւնը, թէ՛ առաջնորդարանէ ներս ընդունելութիւն եւ թէ հոգեւորականներու հետ ունեցած հանդիպումը առիթ ստեղծած էր, որ շրջանի աշխուժութեան մասին պատկեր մը ունենայ։ Այս առումով դրուատեց Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոսի բարձր կարողութիւնները եւ մաղթեց որ իր առաջնորդութեամբ շարունակէ այս ապրող համայնքային կեանքը։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, որ հեռաւոր ԱՄՆ-ու մէջ նման տեսարանի ականատես ըլլալը, իրապէս ոգեւորած էր զինք։
Իր խօսքի աւարտին, գնահատեց նաեւ Սարօ եւ Մանուշ Մարուքեան ընտանիքին ազգային կեանքէ ներս ունեցած հսկայ ներդրումները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս գիշերուան ընդունելութեան համար։ Պատրիարք Հայրը, որպէս օրուան յիշատակ նուիրեց Պատրիարքարանի շքամուտքի նկարով շրջանակ մը։
Մարուքեան ընտանիքը թէ՛ Պատրիարք Հօր եւ թէ՛ Յովնան Սրբազանին շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ իրենց բարձր ներկայութեամբ պատուած էին սոյն մտերմիկ հաւաքը։
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ աղօթքով։