Կը շարունակուի Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանի հովուական այցը դէպի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ։
Այս առումով ալ «Արեւելք» կը ներկայացնէ խմբագրութեանս հասած լրատւութիւնը, անցնող օրերուն Սրբազան Պատրիարք Հօր ունեցած հանդիպումներուն եւ շփումներուն մասին։
Եւ այսպէս Պոլսոյ Պատրիարքութեան Դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Յունիս 2025, Երեքշաբթի, ժամը 11.30-ին հասաւ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանի համալիրը, ուր առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ հոգեւորականաց դասու, Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան եւ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի ամրան ճամբարի աշակերտներու եւ իրենց ուսուցիչներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ։
Մանուկներ աղօթքներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ ողջունեցին մեր Հոգեւոր Պետը։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր եւ ներկայացուց Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի ամրան ճամբարն ու իր առաքելութիւնը։ Բացի Առաջնորդարանի համալիրէն, թեմական կեանքէ ներս տարբեր շրջաններու մէջ եւս հաստատուած էին նման ճամբարներ, որոնց նպատակն էր ամրան շրջանին մանուկները համախմբել եւ իրենց հայեցի շունչով դաստիարակութիւն մատուցանել։
Պատրիարք Հայրը, իր պատգամը փոխանցեց ներկայ մանուկներուն եւ ըսաւ, որ իրենց մանկական ոգեւորութիւնը ամէնուրէք կը խանդավառէ իրենց ուսուցիչներն ու հոգեւոր հովիւները։ Այլապէս մաղթեց որ իրենց եռանդը մնայ անսասան եւ անոնք սիրեն մայրենի լեզուն։ Այս առթիւ շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը, որ նախաձեռնած է նման ծրագիրներու եւ այս միոյն որպէս հետեւանք հայապահպանութիւնը թափ ստացած է շրջանէ ներս։
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ միասնական աղօթք եւ Պատրիարք Հայրը օրհնեց ներկաները։
Աշակերտաց հաւաքէն յետոյ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը Առաջնորդարանէ ներս։ Այս առթիւ մի առ մի ծանօթացուց թեմի հոգեւորականաց դասու անդամները եւ առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը։ Այստեղ ներկաներ ազատ զրոյցի պահ ունեցան եւ լսեցին Պատրիարք Հօր պատգամը։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեսնելով Առաջնորդարանի լայնածաւալ գործունէութիւնը, դրուատալից արտայայտութիւններ ունեցաւ։ Ապա, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որուն գլխաւորեցին Պատրիարք Հայրն ու Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Այստեղ հոգեւորականներ եկեղեցական կեանքի մասին զրուցեցին Պատրիարք Հօր հետ եւ լսեցին իր պատգամները։ Մեր Հոգեւոր Պետը եկեղեցական կեանքէ ներս ներկայ մարտահրաւէրներուն անդրադարձաւ եւ յայտնեց, որ եկեղեցական դասու զօրակցութիւնը բաւականին կարեւոր է այս մարդահրաւէրները յաղթահարելու համար։ Այս առթիւ յայտնեց, որ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմը տարիներու ընթացքին շարունակած է իր զարգացումը եւ թեմական կեանքի մէջ հոգեւոր ու մշակութային բնագաւառներէ ներս զարգացումները միշտ օրինակելի դիրքի վրայ կը մնան։ Մաղթեց, որ հոգեւորական դասու աշխուժութիւնը մնայ շարունակական։
Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ ինչ որ կը կատարուի եկեղեցական կեանքէ ներս, կը կատարուի շնորհիւ եկեղեցականաց դասուն։ Այսօր, այս հոգեւորական դասը պատեհ առիթը կ՚ունենար Պոլսոյ Պատրիարքին հետ մէկտեղուելու եւ իր պատգամներուն ընդմէջէն առաւել եւս ծանօթանալու Պոլսոյ Պատրիարքութեան առաքելութեան եւ տեղւոյն ազգային եկեղեցական կեանքին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր սոյն այցելութեան համար եւ յանուն եկեղեցական դասուն նուիրեց հնատիպ Աստուածաշունչ մը։
Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնեց ներկաները եւ լանջախաչեր նուիրեց։