Արդիական պայմաններու մէջ ապրելու մօտեցումը այսօրուան մարդկային հասարակութիւններու հիմնարար ընտրանքներէն է։
Կեանքը ամէնօրեայ կերպով յաճախակի եւ անդադրում զարգացումներ կ՚ապրի, ընկալումները կը փոխուին եւ յարաբերութիւնները կ՚ենթարկուին վերափոխումներու։ Ու այս բոլորին հետ մէկտեղ առաջ կը բերուին մի քանի կարեւոր մօտեցումներ, որոնց մէջէն կարմիր թելով կ՚անցնին արդիականացում եւ առողջ երիտասարդութիւնը բառակապակցութիւնները։
Իւրաքանչիւր հասարակութեան համար ամենակարեւոր օղակը երիտասրդութեան օղակն է, այդ օղակին ճամբով է, որ հասարակութիւնը, հանրութիւնը եւ ժողովուրդը պիտի ապրին նոր վիճակներ։ Նախ պիտի ընդունին նորերուն գալուստը ու ապա պիտի խօսին, զրուցեն անոնց հետ։
Ի վերջոյ այդ նորերը՝ երիտասարդներն են, որ պիտի դառնան վաղուան «կեանքի պայքար»ը մղողներ։
Յստակ ու բացայայտ է անշուշտ, որ նոր հասնողները, հասարակութեան ամէնէն վառ, ամէնէն եռանդուն ուժ հանդիսացող երիտասարդները առաջ պիտի մղեն արդիականութեան մը հաւատալու ընտրանքը։
Այդ արդիականութեան հետ մէկտեղ անոնք պիտի փնտռեն աւելի հանգիստ պայմաններ, աւելի հեշտ միջոցներ ու ամենակարեւորը աւելի առողջ միջավայր ու առողջ ապրելակերպ։
Միայն հոգեկան, մշակութային, կրօնական ոգիով չէ, որ պիտի խվօսին երիտասրդները, այլ պիտի ուզեն խօսիլ ու ներկայանալ նոյնպէս լաւ պայմաններ ունենալու ընտրանքով։
Ու այս բոլորն անշուշտ մեզի ցոյց պիտի տան, որ եւ հանրութիւնը եւ ալ այսօրուայ երիտասարդութիւնը իրար կը գտնեն, իրարու հետ խօսին եւ իրար հետ կը համագործակցին աւելի վառ, աւելի լուսատու, աւելի դրական միջավայրեր ստեղծելու փափաքով։
Արդիական կեանքը, հանգստաւէտ պայմանները ու նաեւ առողջ ապրելակերպով մը ապրելու եւ կենսագործելու ընտրանքները միմիայն խօսքով չեն։ Անոնք կը պահանջեն տքնաջան գործ, ոգեղէն ուժ ու մանաւանդ տեսլական։
Այս բոլորը մեծ հաշուով «անգիր կանոններ» են ու այդ բոլորին մասին պէտք է մտածեն, ոչ միայն պետութիւննեերը ու անոնց համակարգերը, այլ այն կազմակերպութիւնները որոնք ունին ներուժ եւ կը հաւատան, որ իրենց ունեցած տնտեսական գործառոյթէն բացի ունին նաեւ իրենց գործած վայրերուն մէջ դրական եւ արդիական վիճակ մը կերտելու մասին։
Այդ կազմակերպութիւններէն է ԶՊՄԿ-ն, որ ինչպէս երէկ այսօր եւս կը շարունակէ գործել ու աշխատիլ, ոչ միայն տնտեսական շահոյթ ունենալու բնական պահանջով, այլ հասարակութեան մէջ դրական ոգի եւ արդիական շունչ հաղորդելու իրական տեսլականով։
Ստորեւ կազմակերպութեան կողմէ հրապարակ հանուած երկու կենսական ծրագիրներու մասին ամփոփ նիւթեր, որոնք իրար կը զօդեն հասարակութեան զարգացումն ու այդ զարգացման առընթեր առողջ սերունդ պատրաստելու հրամայականը։
ԶՊՄԿ-ն («Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ») մասնակցած է Կապանի համայնքապետարանի շէնքերու շինարարութեան։
2023 թուականի նպաստի ծրագրով կեանքի կոչուած է այս խոշոր նախագիծը, որու արժէքը աւելի քան 973 միլիոն դրամ է: Կառավարութեան մասնաբաժինը մօտ 584 միլիոն է, համայնքինը` 390: Համալիր շինարարութեան այս նախագիծին մէջ գործուն մասնակցութիւն ունեցած է նաեւ համայնքի կայուն գործընկեր ԶՊՄԿ-ն, որու աջակցութիւնը 195 միլիոն դրամ է:
Տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող Կապանի համայնքապետարանին մէջ կեանքի կոչուած են քաղաքին վերաբերող որեւէ որոշում ու քաղաքաշինական նախագիծ:
Խորհրդային ժամանակաշրջանէն մեզի ժառանգութիւն հասած համայնքի գլխաւոր շէնքի վերակառուցումը, ուժեղացումը եւ նոր մասնաշէնքի կառուցումը սկսած էին 2023 թուականի ամրան: Շինարարական օրացոյցին համապատասխան այժմ ալ աշխատանքները կ՚ընթանան մեծ թափով: Նախագծողները այս ընթացքին չեն անտեսած նաեւ յարակից այգին: Համայնքային երկու շէնքերու շինարարութեան զուգահեռ մէկ այլ ծրագրով եւ ամբողջովին նոր նախագիծով կը հիմնանորոգուի նաեւ կապանցիներու կողմէ շատ սիրուած զբօսայգին:
Թամանեանական ոճով կառուցուած համայնքապետարանի շէնքին համապատսխան հեղինակները կազմած են նախագիծը: Հաստաբուն սօսիները պիտի չհատուին, ընդհակառակը` տարածքն առաւել կանաչապատ տեսք պիտի ստանայ, որու կեդրոնին մէջ պիտի տեղադրուի իւրայատուկ շատրուան:
Այսպիսով` ընդամէնը ամիսներ անց հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի կիսանդրիի յարակից տարածքն ու այգին բոլորովին նոր տեսք պիտի ստանան:
Յատուկ ուշադրութիւն՝ երիտասարդութեան
ԶՊՄԿ-ի աջակցութեամբ՝ ֆութպոլասէր իւրաքանչիւր երեխայի տրուած է դրսեւորուելու հնարաւորութիւն
Քաջարանի մարզահամալիրին մէջ 6-10 տարեկան տղաները հերթ կանգնած էին, եկած էին ընդունուելու «Սիւնիք» ֆութպոլային ակումբի Քաջարանի մանկապատանեկան խումբ:
Օրեր առաջ մեկնարկած է ընդունելութիւնը, 35 երեխայ արդէն ընդունուած է խումբ:
Մինչ օրս «Սիւնիք» ֆութպոլային ակումբի հանրակառքերը երեխաները կը տեղափոխէին Քաջարանէն Կապան ու հակառակ ուղղութեամբ:
Երեխաները պնդած են՝ վաղուց կ՚ուզէին ֆութպոլի երթալ, բայց Կապան երթալն ու վերադառնալը՝ շատ ժամանակատար է, ծնողները յաճախ այդ հեռաւորութեան պատճառով կ՚արգիլէին յաճախել:
«Սիւնիք» ակումբի անհաւանական թուացող նախագիծը` ֆութպոլային դպրոցներ ունենալ մարզի բոլոր համայնքներուն մէջ, այսպիսով իրագործուած է, յաջորդիւ առաւել մեծ ծրագիրերն են` Հայաստանի առաջնութիւններուն մէջ ունենալ խումբեր ու ախոյեաններ իւրաքանչիւր համայնքէ:
«Սիւնիք» ֆութպոլային ակումբը ստեղծած է մարզական նոր մշակոյթ` Ագարակի, Մեղրիի, Քաջարանի, Կապանի, Գորիսի ու Սիսիանի մէջ 700-է աւելի երեխաներ կը կրեն ակումբի մարզաշապիկները, կը մարզուին ու ախոյանութեան կը ձգտին հաւասար պայմաններու մէջ: Ակումբի մանկապատանեկան ծրագրի ղեկավար Աշոտ Մանուչարեանն ըսած է` երեխան փոքր տարիքէն մարզաձեւին մէջ ներգրաւելը կարեւոր է ֆութպոլային տաղանդներու բացայայտման ու զարգացման տեսանկիւնէ: Յիշեցնում ՝ «Սիւնիք» ֆութպոլային ակումբին մէջ մարզումները բացառապէս անվճար են: Իրենց նպատակը մասնագիտացած ֆութպոլիսթներ պատրաստելն է, որոնք կը խաղան թէ Սիւնիք ակումբին մէջ, թէ Հայաստանի տարբեր տարիքային հաւաքականներուն մէջ:
Որպէսզի ֆութպոլը հասանելի ըլլայ Սիւնիքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր երեխայի եւ պատանիի՝ ջանք ու նիւթական միջոցներ չի խնայեր հանրապետութեան թիւ մէկ հարկատուն, մարզի մէջ ֆութպոլի զարգացման համար ԶՊՄԿ-ն միայն վերջին երկու տարուան մէջ յատկացուցած է շուրջ 1 միլիառ դրամ:
«Սիւնիք» ֆութպոլային ակումբին մէջ վաղուց յստակեցուցած են ընելիքը` ֆութպոլ խաղալ սիրող որեւէ սիւնեցի` պէտք է ունենայ հնարաւորութիւն մարզուելու լաւագոյն պայմաններու մէջ, ֆութպոլային տաղանդ ունեցող իւրաքանչիւր երեխայ պէտք է հասնի իր հնարաւորութիւններու առաւելագոյնին, տարիներ անց սիւնեցի ֆութպոլիսթները պէտք է աշխարհին ցոյց տան, որ խմբային խաղի գաղտնիքներուն ծանօթ են դեռ մանկուց:
Նիւթը հրապարակման պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը
Օգտուած ենք լրագրողներ՝
Հերմինէ Միքայէլեանի եւ
Տիգրանուհի Բադալեանի հրապարակումներէն։