Շարք մը պայթումներ տեղի ունեցած են Թեհրանի կեդրոնի օդային տարածքին մէջ, լսուած է հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգերու աշխատանքի ձայնը:
Իրանի զանգուածային լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւններու համաձայն՝ ետ կը մղուին իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումները Թեհրանի տարբեր շրջաններու վրայ:
Իսրայէլեան կողմն իր հերթին յայտնած է իրանեան հարուածներու մասին։ Երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ հնչած են օդային տագնապի ազդանշաններ։