image

Գանատա. Ի Տէր Հանգաւ Տ. Բարսեղ աւ. Քհնյ. Վանլեան

Գանատա. Ի Տէր Հանգաւ Տ. Բարսեղ աւ. Քհնյ. Վանլեան

Վախճանեցաւ Արժանապատիւ Տ. Բարսեղ Աւ. Քհնյ. Վանլեան, վաստակաւոր հոգեւորական մը որ երկար տարիներ Քահանայական ծառայութեամբ ապրեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, վայելելով ժողովուրդին սէրն ու յարգանքը:

«Արեւելք» այս տխուր լուրը իմացաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակումը՝  

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ Տ. Բարսեղ Աւ. Քհնյ. Վանլեան։ Նորոգ վախճանեալ տէր հայրը երկար տարիներ Իսթանպուլի մէջ ծառայութիւն մատուցած էր՝ տիպար հոգեւորականի համբաւով։ Ան բոլորի յարգանքին ու համակրանքին առարկայ դարձած էր՝ իր լրջութեամբ եւ նուիրումով։ 1940 թուականին ծնած էր Տ. Բարսեղ Աւ. Քհնյ. Վանլեան, որ Պոլիսէն Գանատա հաստատուած էր եւ այնտեղ եւս շարունակած էր իր հոգեւոր ծառայութիւնը։

Կը հաղորդուի, որ հոգելոյս տէր հօր վերջին օծման, յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգերը նախատեսուած են յառաջիկայ յունիսի 7-ին՝ հանդիսապետութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմակալ առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի։