Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմին, օրերս, տեղի ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակի հանդիսաւոր նշում:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։
Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմին, շաբաթ, 14 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Տըպպայէի «Լը Ռուայալ» պանդոկին «Ռուպի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակի հանդիսաւոր նշում:
Նշանակալից այս առիթով ներկայ էին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամները, թեմակալ առաջնորդներն ու Կիլիկեան թեմերու Ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչները, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայ հայրերը, Ազգային երեսփոխանները, Ազգային վարչութեան անդամները, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, նախարարները եւ պետական երեսփոխանները, Ազգային բարերարներ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետները, ուսումնական, կրթական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական կառոյցներու եւ մարմիններու ներկայացուցիչները:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլեգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, մաղթեց, որ երեկոյթը առիթ կը հանդիսանայ վեհափառ հայրապետի 30-ամեայ բեղուն վաստակին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տարած նուիրական առաքելութիւնը, որ նաեւ սլացք ու մղում կու տայ մեր թեմական կեանքին ու աշխատանքներուն: Ան ներկայացուց երեկոյթին յայտագիրը:
Ազգային վարչութեան անունով խօսք առաւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Ան ըսաւ, որ վեհափառը միշտ եղած է Լիբանանի մէջ, լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի կողքին, հաստատելով, որ երկրի ամէնէն տագնապալի օրերուն` 1978-ին, ան ստանձնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամէնէն հին թեմերէն, Լիբանանի թեմի առաջնորդութիւնը, որուն քաղցր լուծը ամբողջական նուիրումով, անխոնջ ջանասիրութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ կրեց մինչեւ 1995, երբ ընտրուեցաւ Սիսի պատմական աթոռի հայրապետ: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեկոյթը, որ պատերազմական ծանրագոյն պայմաններուն մէջ վեհափառ հայրապետը մնաց իր ժողովուրդին հետ, Պուրճ Համուտի մէջ, մերժելով ընտրել աւելի ապահով վայր, եւ ամէնօրեայ դրութեամբ եղաւ ժողովուրդին հետ, հակառակ համատարած սարսափին` կազմակերպական սքանչելի հետեւողականութեամբ կառուցեց մարդն ու հոգին, հոգեւոր սնունդին կողքին ներշնչեց ազգային գոյատեւման պայքարի յոյսը, վերակենդանացուց կրթական, մշակութային, հասարակական կեանքը, վերաշինեց քանդուածը եւ կառուցեց նորը: Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ Արամ Ա. կաթողիկոս լիբանանահայութեան կողքին եղաւ նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած վերջին բազմապիսի տագնապներուն ընթացքին` յոյս ներշնչելով գաղութին, նաեւ քրիստոնէական, հայկական եւ մարդկային ծառայութեան իր հաւատքով իր հոգածութիւնը տարածեց ամէնուրեք` Արցախէն Հայաստան, Սուրիա, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերէն մինչեւ քոյր եկեղեցիներ, միջեկեղեցական յարաբերութիւններէն մինչեւ պետական միջազգային հանդիպումներ` ըլլալով երկխօսութեան խորհրդանիշ ու փնտռուած դիւանագէտ տագնապներու լուծման շրջանակներուն մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 30 տարիներու ընթացքին հայկական աշխարհը յատկանշուեցաւ ճակատագրական վերիվայրումներով, որոնց ընթացքին ան եղաւ յոյս, կամք եւ խիզախութիւն ներշնչող հեղինակութիւն, վստահութեան աղբիւր եւ խօսքէն անդին գործ կատարող վստահելիութեան այն աջը, որ կը կառուցէ հաւաքական «Մենք»-ի պատուանդանը:
«Հաւատաւոր եկեղեցական, ազգային արժեհամակարգի ջերմ պաշտպան, խոհուն մտաւորական, բծախնդիր աշխատասիրութեամբ ուժականութիւն վարակող նախաձեռնող ուժ, լայնածիր սահմաններով գիտութեամբ օժտուած ճառագայթող միտք, միջազգային ատեաններ նուաճած երկխօսութեան ջահակիր, կրօնական, քաղաքակրթական թէ քաղաքական առանձնայատկութիւններն ու տարբերութիւնները հարստութեան վերածող, երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեան եւ աշխատանքի բաժնեկցութեան ջատագով, անյագ ընթերցող եւ միտք արտադրող, մեր ժողովուրդի Դատին անզիջող զինուոր ու պաշտպան, մարդկային եւ ազգային իրաւունքներու անխոնջ դրօշակիր, կազմակերպական ու վարչագիտական կարողութիւններով օժտուած բացառիկ ուժականութիւն, շինարար, ցաւը լռութեամբ, հարուածները համբերութեամբ տանող, յուսահատութիւնն ու հիասթափութիւնը մերժող մեր բոլորին սիրելի վեհափառն է Արամ Ա. հայրապետը», եզրափակեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Համազգային «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի սրնգահարները:
Ապա խօսք առաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Կիլիկեան աթոռին դերը պատմութեան ընթացքին` իբրեւ անսասան նժար` հայութեան հաւատքին եւ գոյութեան: Ան ըսաւ, դարաւոր այս Աթոռին արժանաւոր գահակալները ո՛չ միայն ապրած են իրենց ժամանակը, այլեւ իրենց առաքելութեամբ ու ծառայութեամբ ձեւաւորած են զայն` ժամանակին տալով որակ, արժէք եւ նպատակ: Ան յայտնեց, որ վեհափառին երեսնամեայ գործունէութեան մէջ խտացուած են` «Թէ՛ հոգեւոր առաջնորդի մեծութիւնը, թէ՛ կազմակերպչական բացառիկ կարողութիւնը, թէ՛ տեսլապաշտ մտաւորականի առաքինութիւնը եւ թէ՛ ազգանուէր ղեկավարի պատասխանատու անձնաւորութիւնը»:
Աւագեան նկատել տուաւ, որ Արամ Ա. վեհափառի 30 տարիներու պատկառելի վաստակին շնորհիւ` երեք տասնամեակներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նշանակալի փայլք ու ծաղկում ապրեցաւ: «Արամ Ա. վեհափառին ծառայութեան 30 տարիները հայ կեանքը լեցուցին եւ կը շարունակեն լեցնել յիշատակելի իրագործումներով` կաթողիկոսութեան նոր բաժանմունքներու ստեղծումէ մինչեւ թեմական կեանքի վերակազմակերպում, շինարարական լայնածիր գործունէութենէ մինչեւ ընկերային ծառայութեան նոր դաշտերու ծաւալում, կրթական, հրատարակչական, երիտասարդական նախաձեռնութիւններէ մինչեւ դպրեվանքի հզօրացում եւ միաբանութեան թիւի աճ», ըսաւ ան:
Աւագեան դիտել տուաւ, որ կաթողիկոսութեան անցնող 30 տարիներու ներքին կեանքին վերակազմակերպման եւ արտաքին գործունէութեան վերաշխուժացման նպաստեցին յատկապէս ազգային-եկեղեցական, միջեկեղեցական ու միջկրօնական համագումարները, ժողովուրդին ուշադրութիւնը ամէն տարի ազգային-եկեղեցական արժէքի մը վրայ հրաւիրող պատգամ-հռչակագիրները, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասումը, Հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովին գումարումը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերուն կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը ու, վերջապէս, Հայաստան-սփիւռք համաժողովներուն վեհափառ հայրապետին տիրապետող ներկայութիւնը:
«Հայրապետական ասան իր ձեռքին, Աստուծոյ, իր ժողովուրդին ու իր եկեղեցւոյ ծառան 30 տարի եղաւ ամէն տեղ ու ամէն ճակատի վրայ: Ո՛չ միայն առաջնորդեց, այլեւ դարձաւ օրինակ», շեշտեց Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետը եւ աւելցուց. «Ժամանակն ու սերունդները պիտի վկայեն, թէ հայրենազրկուած հայութեան հոգեւոր կեդրոն Անթիլիասը Արամ Ա. վեհափառի օրհնաբեր գահակալութեան տարիներուն ինչպիսի՛ իրագործումներ պատմութեան յանձնեց, երբ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատով իրաւական մեր պահանջատիրութեան առաջին քայլը առաւ: Տէր Զօրը ազգային ուխտավայր հռչակեց, իսկ «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարան հիմնեց: Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յուշարձան կանգնեցուց Անթիլիասի մէջ եւ «Նահատակաց խորան» ու «Վերածննդեան հրապարակ» ստեղծեց Ս. Աստուածածին վանքին մէջ», շեշտեց ան:
Վիգէն Աւագեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արամ Ա. վեհափառի միջեկեղեցական գործունէութեան, որ եղաւ անոր հոգեմտաւոր սպասաւորութեան ամէնէն ցայտուն երեսներէն մէկը: «Օտարներու իսկ վկայութեամբ, վեհափառը լոկ դիտողի, ունկնդրողի կամ հետեւողի դերին մէջ չեղաւ երբեք, այլ` մասնակցողի, դերակատարի եւ առաջնորդողի դիրքին վրայ: Աւելի՛ն. միջ եկեղեցական գործունէութեան մէջ Արամ Ա. վեհափառ եղաւ թէ՛ փոխանցողի եւ թէ՛ ստացողի դերին մէջ միաժամանակ: Այսպէս, ան հանդիսացաւ Հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութեան, դաւանական կեցուածքին, իւրայատուկ աւանդութիւններուն եւ ինքնուրոյն դիմագիծին լաւագոյն մեկնաբաններէն մէկը, եթէ ոչ` լաւագոյնը»:
Լիբանանահայութեան հանդէպ Արամ Ա. կաթողիկոսին ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան եւ կարեւորութեան մասին խօսելով` Աւագեան դիտել տուաւ, որ վեհափառը մեծագոյն պաշտպաններէն մէկը եղաւ ազգապահպանման եւ ազգային մեր իրաւունքներու հետապնդման պայքարին մէջ լիբանանահայութեան վիճակուած դերին ու արժէքին: «Անթիլիասը եղաւ ու մնաց Լիբանանի թեմի սիրեցեալ ժողովուրդին, թեմական իշխանութիւններուն եւ ազգային կառոյցներուն կողքին, անխտի՛ր: Հաստատեց հիմնադրամ, ճշդեց առաջնահերթութիւններ, որոշեց հերթականութիւն, աջակցեցաւ նիւթապէս եւ բարոյապէս, յատուկ շրջաբերականներով, պատգամներով եւ քարոզներով լուսարձակի տակ առնելով լիբանանահայութեան ապրած տագնապին մեծութիւնը եւ անոր զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը», յայտնեց ան:
Իր խօսքի վերջին բաժինով Վ. Աւագեան յայտնեց, որ Արամ Ա. վեհափառի երեսնամեայ ծառայութեան կենսափորձը հաւաքաբար պէտք է վերածել բաց դասի եւ ինքնաքննութեան` տեսնելու համար, որ իբրեւ եկեղեցի ու ժողովուրդ` ո՞ւր յաջողեցանք եւ ո՞ւր նահանջ արձանագրեցինք:
«Որքա՞ն կարողացանք հաւատարիմ մնալ մեր հաւատքի հարազատ ճշմարտութիւններուն եւ ազգային նուիրական արժէքներուն: Որքա՞ն կարողացանք ամուր մնալ մեր հաւաքական կամքին, յանձնառութեան եւ նուիրումին մէջ: Որքա՞ն կարողացանք անսալ ազգային մեր ինքնութիւնը պահելու եւ մեր ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականներուն: Ու որքա՞ն կարողացանք ընդառաջել վերակազմակերպումի, վերականգնումի եւ վերանորոգումի Անթիլիասի յաջորդական յորդորներուն:
«Ասոնք խորհրդածութեան կարօտ հարցումներ են, որոնց պատասխանները պիտի տանք, մե՛նք հայ եկեղեցւոյ անսասանութեան եւ հայ ժողովուրդի ամբողջականութեան հաւատացողներս, որպէսզի երեսնամեակի բարեբաստիկ այս առիթով նախ կարենանք բարձր ճակատով շնորհաւորել Կիլիկեան Ս. Աթոռի գահակալը ու ապա` խոնարհիլ անոր լուսաշող վաստակին դիմաց եւ իրեն մաղթել առողջութիւն, արեւշատութիւն եւ նորանոր յոբելեաններ, որպէսզի ան շարունակէ աստուածաշնորհ ծառայութեամբ մեր ազգն ու եկեղեցին առաջնորդել դէպի պայծառ հորիզոններ», եզրափակեց ան:
Այնուհետեւ, ղեկավարութեամբ Արմէն Ճէնտէրէճեանի, ելոյթ ունեցաւ Համազգային «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի «Մեղեդի» լարային քառեակը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ վեհափառ հայրապետի կեանքն ու գործը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Ապա իր խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ ըսաւ, թէ նախաձեռնութեան նպատակն է յարգանքի ու սիրոյ արտայայտութիւն դրսեւորել վեհափառ հօր գահակալութեան 30-ամեակին, աւելցնելով, որ յատկապէս լիբանանահայութիւնը, շատ բան կը պարտի վեհափառին:
Սրբազան հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ մասնաւորապէս այն իրողութեան համար, որ վեհափառը 1978 թուականէն սկսեալ` իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, սերտօրէն առնչուեցաւ լիբանանահայ կեանքին ու 30 տարիներէ ի վեր նաեւ իր ուսերուն կրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական Ս. Աթոռի ծառայութեան ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը, եւ հակառակ անցնող տասնամեակներուն իրերայաջորդ տագնապներուն եւ աղէտներուն` այս փուլը եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժամանակակից պատմութեան ամենաբեղուն ու ամենաշքեղ շրջանը:
Սրբազանը հաստատեց, որ 30 տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական Ս. Աթոռը եւ մեր եկեղեցին իրենց դարաւոր դերին մէջ եղան արդիւնաւոր` շնորհիւ վեհափառ հայրապետին իմաստուն, կորովի, հեռատես, մեր ժողովորդի կարիքներուն գիտակ` հմայք ու պատկառանք պարտադրող կեցուածքներուն, նուիրումի շունչին ու բոլորանուէր ջանքերուն, աւելցնելով, որ անցնող 30 տարիներուն, սփիւռքի հեռաւոր անկիւններէն մինչեւ Հայաստան, բոլոր նայուածքները ուղղուեցան վեհափառ հօր, եւ կը շարունակեն ամէն տեղ հայութեան կեանքին ու մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան համար իրմէ դարման եւ ուղղութիւն սպասել:
«Արդ, վստահ ըլլալով, որ քայլ առ քայլ կ՛ուղղուինք դէպի ձերդ սրբութեան գահակալութեան յիսնամեակն ու աւելի անդին, սրտագինս կը մաղթենք, որ այս առիթը, ձեզի համար ու յօգուտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական Ս. Աթոռին ու հայութեան կեանքին, դառնայ դէպի նոր իրագործումներ եւ նուաճումներ տանող ճամբուն սկիզբը», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` հաւատալով, որ գալիքին, սերունդներու երախտագիտութեամբ, վեհափառին վարկն ու հմայքը պիտի մեծնան ու ծաւալին եւ պատճառ հանդիսանան, որ ան կարենայ արդիւնալից բազում տարիներով առաւել եւս ճոխացնել մեր Ս. Աթոռին ու Հայ եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութիւնը:
«Մեզի կը մնայ հնազանդութեան ոգիով ու աշխատանքի պատրաստակամութեամբ բոլորուիլ ձերդ սրբութեան շուրջ եւ սատար հանդիսանալ Անթիլիասով տարուող հոգեւոր, վարչական, մշակութային, միջեկեղեցական, միջկրօնական, կրթական, ուսումնական, ընկերային ու Հայ դատի պահանջատիրական այն լայնատարած բոլոր աշխատանքներուն, որոնց ճարտար ղեկավարը կը մնաք դուք, վեհափառ տէ՛ր», ըսաւ սրբազանը եւ լիբանանահայ ժողովուրդի զաւակներուն անունով մաղթեց, որ վեհափառը տեսակաւոր դժուարութիւններուն կուրծք տալու ու կանգուն մնալու համար Աստուծոյ ամբողջական պաշտպանութիւնը վայելէ, նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի հոգեւորականաց դասին, Ազգային իշխանութիւններուն ու ազգային մարմիններուն ու կառոյցներուն անունով մաղթեց, որ Աստուած երկար եւ արեւշատ օրեր պարգեւէ վեհափառին, անսասան ու ծաղկուն պահէ իր հայրապետական մականը, որպէսզի ի պայծառութիւն Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին, շարունակէ վայելուչ գիտակցութեան մէջ պահել մեր միաբանութիւնը, մեր հոգեւորականաց դասը, մեր եկեղեցական ու թեմական կառոյցներն ու մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որոնք տակաւին շատ բան կը սպասեն Անթիլիասէն ու անոր արժանաւոր, կորովի ու վեհաշնորհ հայրապետէն:
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ տարեդարձները առիթ եւ հրաւէր են ինքնահայեցողութեան եւ ինքնաքննութեան, աւելցնելով, որ անցնող 30 տարիները իր հովուապետական ծառայութեան մէջ կը բնութագրէ որպէս հաւատքի առաքելութիւն եւ ազգային ծառայութիւն: Ան ըսաւ, որ իր կեանքի այս երկու տարածքները, երկու բեւեռները իրարու հետ սերտօրէն առնչուած, շաղախուած` դարձան առանցքն ու նպատակը իր հովուապետական ծառայութեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ երեք սկզբունքներ, յանձնառութիւններ, համոզումներ, որոնք մղիչ ուժը դարձան իր առաքելութեան եւ ծառայութեան. 1) Եկեղեցին սոսկ կրօնական հաստատութիւն չէ, այլ քրիստոսատուր առաքելութիւն է ու կոչում, 2) Անթիլիասը սոսկ վարչակազմակերպչական վայր չէ, այլ դէպի ժողովուրդ ուղղուած ժողովրդանուէր ծառայութիւն է, 3) Կաթողիկոսը սոսկ գահ բարձրացող անձ չէ, այլ գահը իր կեանքով, իր ծառայութեամբ, իր իրագործումներով բարձրացնող անձ է: Վեհափառը հաստատեց, որ այս երեք համոզումները, սկզբունքները, յանձնառութիւնները մղիչ ուժը դարձան այն ամէն ինչին, որ ինք փորձեց կատարել` որպէս հաւատքի առաքելութիւն եւ ազգային ծառայութիւն, շեշտելով. «Թող ժողովուրդը արժեւորէ եւ պատմութիւնը դատէ այն, ինչ որ Արամ կաթողիկոս կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով եւ փոխադարձաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը վեհափառին ճամբով` անցնող 30 տարիներու ընթացքին»:
Անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ կաթողիկոս եւ կաթողիկոսութիւն մէկ ամբողջութիւն են, Արամ Ա. ըսաւ, որ այդ մէկ ամբողջութեան գիտակցութեամբ Անթիլիասը անցնող 30 տարիներուն իր առաքելութեամբ ու ծառայութեամբ նոր որակ եւ նոր հմայք տուաւ, Անթիլիասը դարձաւ ճառագայթող ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս` Հայաստանէն սկսեալ եւ սփիւռս աշխարհի: «Անթիլիասը դարձաւ տիրական ներկայութիւն օտար, պետական, քաղաքական, միջեկեղեցական, միջկրօնական աշխարհէն ներս:
Անթիլիասը դարձաւ իր իրագործումով, իր վարկով յարգանք պարտադրող հայրապետական աթոռ, եւ Անթիլիասի ճամբով մեր ժողովուրդի զաւակները, մեր թեմերը, մեր կառոյցները, մեր քոյր կազմակերպութիւնները, բոլորուած այս աթոռին շուրջ, եղան ամէն տեղ յարգանք պարտադրող ներկայութիւն` Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի», հաստատեց վեհափառ հայրապետը, որ շեշտեց, թէ իր 30 տարիներու ծառայութեան ու առաքելութեան մասին խօսիլ կը նշանակէ էապէս խօսիլ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասին: Ան շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միայն վանքը չէ, վանքին մէջ ապրող մեր միաբան հայրերը չեն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մեր ժողովուրդն է, եկեղեցին մեր ժողովուրդն է, կաթողիկոսութիւնը մեր ժողովուրդն է, եւ ինչ որ կաթողիկոսութիւնը կաթողիկոսով կը կատարէ, ժողովուրդով ու ժողովուրդին համար կը կատարէ: Կաթողիկոսը շեշտեց, որ 30 տարիներու Մեր առաքելութիւնը Մեզ կը մղէ նպատակասլաց կերպով, յառաջատեսիլ նայուածքով եւ վերանորոգ հաւատքով քալել դէպի ապագայ, բացուիլ նոր հորիզոններու, հաստատելով, որ վեհափառը այս առաքելութեան մէջ երբեք առանձին չէ եղած, այլ իր շուրջ եղած են` մեր միաբան հայրերը, մեր թեմերը, մեր առաջնորդները, Ազգային կեդրոնական բոլոր վարչութիւնները, Կրօնական ժողովները, Ազգային իշխանութիւնները, մեր քոյր կազմակերպութիւնները, մեր բարերարները, մեր բարեկամները, բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան:
«30-ամեակը հրաւէր է մեր բոլորին` վերանորոգ նուիրումով, ամուր հաւատքով, վառ տեսլականով քալել դէպի մեր հայրենիքին, մեր ժողովուրդին պայծառ ապագան: Այս է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ այս գիտակցութեամբ Մենք պիտի քալենք դէպի մեր ժողովուրդին պայծառ ապագան», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս` իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնելով լիբանանահայութեան, որ իրապէս իրեն համար եղաւ իր ծառայութեան առաջին դաշտը` որպէս առաջնորդն, եւ եղաւ ու մնաց հովուապետական ծառայութեան իր անմիջական բնագաւառը, եւ փափաք յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը իրապէս, ոչ որպէս լոզունգ, շարունակէ իր վերականգնումը` որպէս սփիւռքահայութեան առանցքը, սիրտը, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը, ինչպէս ինք հաւատացած է, անցեալ չէ, այլ ներկայ է ու պէտք է դառնայ լուսապայծառ ապագայ: «Սփիւռքի կեանքին մէջ այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, մենք շրջապատուած ենք տագնապներով, կարիքներով, սպասումներով վերիվայրումներով, եւ այս բոլորին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր շուրջ ունենալով մեր թեմերը, մեր գաղութները, մեր մտաւորականները, մեր առաջնորդները, պիտի քալէ յառաջ», եզրափակեց վեհափառը:
Երեկոյթի պաշտօնական բաժինը փակուեցաւ «Կիլիկիա» եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգներով: