Յունական ուղղափառ պատրիարքարանը կոչ ըրած է Սուրիոյ ժամանակաւոր իշխանութիւններուն «ստանձնելու պատասխանատւութիւնն այն ամէնուն, ինչ տեղի ունեցած է եւ կը շարունակէ տեղի ունենալ եկեղեցիներու անձեռնմխելիութեան խախտման առումով, ու ապահովելու բոլոր քաղաքացիներու պաշտպանութիւնը»,- գրած է BBC-ն:
Յայտարարութիւնը հետեւած է Դամասկոսի Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչութեան, որու հետեւանքով, ըստ Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարութեան տուեալի, զոհուած է 22 մարդ, եւս 63-ը՝ վիրաւորուած։
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Անաս Խաթապը յայտարարած է, որ իր նախարարութեան մասնագիտացուած խումբերը սկսած են հետաքննել հանգամանքները, որոնք ան անուանած է «դատապարտելի յանցագործութիւն»։ Ան վստահեցուցած է, որ «այս ահաբեկչական գործողութիւնները պիտի չկանգնեցնեն քաղաքացիական խաղաղութեան հասնելու սուրիական պետութեան ջանքերը»:
Յարձակումը դատապարտած է Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ դեսպանորդ Կէյր Փիտըրսընի գրասենեակը եւ կոչ ըրած է սուրիացիներուն «միաւորուելու, մերժելու ահաբեկչութիւնը, ծայրայեղականութեան հրահրումն ու որեւէ համայնքի վրայ յարձակումները»։
Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաքն ալ ըսած է. «Վախկոտութեան այս սարսափելի գործողութիւնները տեղ չունին համընդհանուր հանդուրժողականութեան եւ ներգրաւուածութեան նոր գորգանկարին վրայ, որ կը հիւսեն սիրուացիները»:
Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահ Ահմետ Շարըհ բազմիցս խոստացած է պաշտպանել կրօնական եւ էթնիք փոքրամասնութիւնները: Սակայն վերջին ամիսներուն Սուրիան ցնցած է մահացու կրօնական բռնութեան երկու ալիք:
Նշենք, որ յունիս 22-ին մայրաքաղաք Դամասկոսի Տուէյլաա շրջանին մէջ գտնուող յոյն ուղղափառ Մար Էլիաս (Ս. Եղիա) եկեղեցւոյ վրայ ահաբեկչական յարձակում տեղի ունեցած էր։ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ նախնական հետաքննութիւնները ցոյց կու տան «Իսլամական պետութեան» ներգրաւուածութիւնը յարձակման մէջ: Նախարարութեան խօսնակ Նուր ալ-Տին ալ-Պապան մամուլի ասուլիսին յայտարարած է, որ յարձակման հեղինակը մահապարտ-ահաբեկիչ եղած է, որ մտած է եկեղեցի, եւ կրակ բանալէ ետք, ինքզինք պայթեցուցած է:
Հակառակ 2019 թուականին Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» կրած ռազմական պարտութեան՝ ՄԱԿ-ը զգուշացուցած է, որ խմբաւորման եւ ատոր մասնաճիւղերու կողմէ սպառնալիքը դարձեալ բարձր է, գրած է BBC-ն:
Փետրուարին կազմակերպութեան հրապարակած զեկոյցին մէջ նախազգուշացուած է, որ խմբաւորումը կրնայ օգտուիլ Սուրիոյ մէջ անցումային շրջանէն՝ զանգուածային յարձակումներ իրականացնելու եւ երկիրը օտարերկրեայ զինեալներու հաւաքագրման նոր կեդրոնի վերածելու համար։