image

Պոլիս. Տեղի ունեցած է Մխիթարեան Վարժարանի Մանկապարտէզի հանդէսը

Պոլիս. Տեղի ունեցած է Մխիթարեան Վարժարանի Մանկապարտէզի հանդէսը

Օրերս Բանկալթի Մխիթարեան Վարժարանի մանկապարտէզի աւարտական դասարանի տարեվերջի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ, ներկայութեամբ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ Գերյ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի: Ողջոյնի խօսքերէն ետք յայտագիրը սկիզբ առաւ մանկապարտէզի աշակերտներուն հայերէն եւ անգլերէն երգերով ու պարերով ապա անոնք ստացան իրենց վկայականները ձեռամբ հոգեւորականներու, վարչայիններու եւ ուսուցիչներու։ 

 Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։

Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝

4 Յունիս 2025, Չորեքշաբթի Բանկալթի Մխիթարեան Վարժարանը տուն դարձաւ մանկապարտէզի աւարտական «Թրթուրիկներ» դասարանի տարեվերջի հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին վարժարանին հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ Գերյ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի, Իսթանպուլի Մխիթարեան Ուխտէն Գերյ. Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի եւ Գերյ. Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Տօքթ. Սարգիս Սիրոբի, Մատակարար Մարմնի փոխատենապետ Թալին Էրկիւնէշ Կազէրի եւ անդամ Արսէն Ռոստոմեանի, Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայի, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ ծնողներու։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ դասարանի ուսուցչուհի Թանիա Բագէրթիքի ներկաներուն ուղղեալ բարի գալստեան խօսքով։ Իր ուղերձին մէջ Թանիա Բագէրթիք շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ թէ ուսուցիչի մը ամէնէն ուրախ, ամէնէն բերկրալի օրերէն մէկն է իր աշակերտներուն շրջանաւարտութեան օրը, քանի որ լման տարուայ մը աշխատութիւններուն, բոլոր զոհողութիւններուն արդիւնքն է որ կը տեսնէին միասնաբար, պտուղն է որ կը քաղէին։ Օր. Թանիա արտայայտեց իր անհուն սէրը իր աշակերտներուն նկատմամբ, անոնց փոխանցելով շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան իր ամենաջերմ բարեմաղթութիւնները իրենց ապագայ ուսման կեանքի ընթացքին, մասնաւորաբար ընդգծելով թէ անոնք վարժարանին 200ամեակի մանկապարտէզի շրջանաւարտները ըլլալու առանձնաշնորհումը կը վայելէին։

Օր. Թանիային ուղերձին յաջորդեց աւարտական դասարանի՝ «Թրթուրիկներ» խումբի աշակերտներուն պարեգօտներով եւ գդակներով հանդիսասրահ մուտքը։ Փոքրիկները տեղ գրաւեցին բեմին վրայ եւ ներկաները հայերէն, թրքերէն ու անգլերէն բարի գալստեան խօսքերով եւ ոտանաւորներով ողջունելէ ետք միաբերան երգեցին Մխիթարեանի քայլերգը։

Վարժարանի նախակրթութեան տնօրէնուհի Գաթիա Վարկը եւս հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան արտայայտեց իր գոհունակութիւնը վայելելու փոքրիկներուն այս ուրախ օրը եւ միաժամանակ նշելու իրենց հարազատ Մխիթարեան Վարժարանի 200ամեակը։ Իր ուղերձին մէջ իրենց զօրակցութեան եւ համագործակցութեան համար ծնողներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Գաթիա Վարկը չմոռցաւ նաեւ իր երախտագիտական զգացումները յղել դասարանի ուսուցչուհի Թանիա Բագէրթիքի եւ օգնական ուսուցչուհի Մելիսսա Իփէքլիի գլխաւորութեամբ վարժարանի ուսուցչաց կազմի արժէքաւոր անդամներուն, որոնք իրենց անհուն գիտութեան պաշարէն բաժին հանած էին փոքրիկներուն եւ անոնց առաջնորդ հանդիսացած։ Գաթիա Վարկը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ վարժարանին զոյգ վարդապետներուն եւ վարչայիններուն, որոնք այս երկար ուղեւորութեան ընթացքին միշտ նեցուկ կանգնած էին իրենց եւ զիրենք խրախուսած։ Յատուկ շնորհակալութիւն մըն ալ գնաց վարժարանին Ծնողաց Միութեան, որ ինչպէս միշտ, այս հեղ նոյնպէս բերած էր իր անուրանալի նպաստը այս գեղեցիկ օրուան կազմակերպութեան փուլին։

Տնօրէնուհիին ուղերձէն ետք փոքրիկները իրենց վկայութեան յուշատախտակները ստացան ձեռամբ հոգեւորականներու, վարչայիններու եւ ուսուցիչներու։ Ապա «Մնաս բարով մանկապարտէզ» երգի ուղեկցութեամբ եւ ուրախութեան բացագանչութիւններու ներքեւ անոնք իրենց գդակները արձակեցին օդին մէջ։

Յանուն մանկապարտէզի ծնողներու խօսք առաւ Պիանքա Պօյաճըօղլու, որ նոյնպէս ունեցաւ բաւական իմաստալից ելոյթ մը։ Չէ՞ որ իրենց զաւակները կը կազմէին թրթուրիկներու դասարանը, ուրեմն Մխիթարեան Վարժարանը եղած էր այդ թրթուրիկներուն բոժոժը, որուն մէջ անոնք ստացած էին իրենց սնունդը եւ հիմա անոնք վերածուած էին թիթեռնիկներու եւ պատրաստ էին թռչելու դէպի լայն հորիզոններ։ Պիանքա Պօյաճըօղլու եւս արտայայտեց իր երախտագիտական զգացումները դասարանի անձնուէր ուսուցչուհիներուն գլխաւորութեամբ վարժարանի բոլոր այլ առարկաներու ուսուցիչներուն, վարժարանին տնօրէնութենէն սկսեալ մինչեւ տնտես մայրիկներուն եւ տնտես հայրիկներուն նկատմամբ, որոնք համագործակցաբար իրենց ներդրումը բերած էին իրենց մէկ հատիկ զաւակներուն մտաւոր ու հոգեւոր զարգացման, զանոնք օժտելով տոհմիկ աւանդութիւններով եւ արդիական ուսմամբ։

Իր սրտի խօսքը ընելու հրաւիրուեցաւ նաեւ Գերյ. Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, որ սրտանց շնորհաւորեց բոլոր տղաքը։ Ներկաներուն յիշեցնելով թէ 1992ին իր հոգեւոր եղբօր՝ Հ. Սարգիսին տնօրէնութեան շրջանին է որ վարժարանը դարձած էր երկսեռ, Հ. Յակովբոս շնորհաւրեց նաեւ փոքրիկներուն ծնողները եւ ուսուցիչները, որոնք մեծամասնութեամբ Մխիթարեանցի էին եւ իրենց զաւակներն ալ Մխիթարեան Վարժարան առաջնորդելով հաւատարիմ կը մնային Մխիթարեանի աւանդին, կերպով մը արդարացնելով նաեւ տարիներ առաջ առնուած երկսեռ վարժարան դառնալու այդ տեղին որոշումը։

Յայտագրի տեւողութեան մանկապարտէզի աշակերտները հանդէս եկան հայերէն եւ անգլերէն երգերով։ Անոնք ներկայացուցին նաեւ թրթուրիկներու եւ թիթեռնիկներու սիրուն պարերը։ Իսկ վերջին պարն էր անշուշտ վիեննական աւանդական վալսը։ Աղջիկները ճերմակ թիթեռնիկներու նման, իսկ մանչերը իրենց սեւ պաշտօնական զգեստներուն մէջ պարեցին մեծ վարպետութեամբ, ինչ որ մեծ տպաւորութիւն գործեց ներկաներուն վրայ։

Բոլոր պարերու պարագային տղաքը մարզուած էին վարժարանի մանկապարտիզպանուհի եւ պարուսոյց Ռեհան Եաղեազանի կողմէ։

Հանդէսի աւարտին վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը։

Մանկապարտէզի աշակերտները եւ ուսուցիչները միասնաբար կտրեցին իրենց շրջանաւարտութեան ծաղը եւ փչուկներ թռցուցին օդին մէջ։ Տղաքը նկարուեցան, խաղացին վարժարանի պարտէզին մէջ եւ վայելեցին այս երկդարեայ կրթօճախին մէկ անդամը ըլլալու արդար հպարտութիւնը։