Երբ կը խօսինք հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման մասին ամենակարեւոր հարցադրումը, որ լսելի կը դառնայ կապուած կըլլայ հանքի արտադրման հետեւանքով տեղի ունենալիք փոփոխութիւններուն մասին։ Բնութեան եւ շրջակայ միջավայրի մաքրութեան մասին է խօսքը, որ մեր ժամանակներուն աւելիով կը դարձուի կիզակէտ հաշուի առնելով անշուշտ մայր մոլորակի ունեցած խնդիրները, կլիմային փոփոխութիւնն ու այդ փոփոխութիւնէն առաջ եկած վտանգները։
Այս բոլորին զուգահեռ փաստ է անշուշտ, որ եթէ համեմատենք Հայաստանն ու անոր տնտեսական ծաւալն ու նիւթական շրջանառութիւնը ունեցող երկիրները, ապա պիտի արագօրէն նկատենք, որ մեր երկրին մէջ առկայ հիմնախնդիրները շատ աւելի փոքր լուծումներու արժանի դարձող հիմնահարցեր են։
Հայաստանը այո կազդուի կլիմայական փոփոխութիւններու կամ կլոպալ տաքացման հարցերէն, բայց եւ այնպէս ունի ջրային այնպիսի ներուժ, կլիմայական համեմատելի «բարեխառն» եղանակ, որ մեծ հաշուով կառավարելի կրնան դարձնել առկայ վտանգները։
Փոքր լուծումներու ցուցակով առաջնորդուելով կարեւորագոյն արարք եւ գործընթաց պիտի ըլլայ անշուշտ, ոչ թէ շռայել եւ կորսնցնել ջրային հարուստ պաշարները այլ ընդհակառակը տնտեսել առկայ ներուժը եւ իրողապէս հենիլ այդ ներուժին վրայ նորանոր միջոցներ կիրառելով։
Նոյն այս խնդիրը, եւ այս մօտեցումը հարկ է կիրառել տնտեսական մեծ ու կարեւոր «շարժիչ» գործօններու վրայ, որոնցմէ են բնակաբար արտադրամասերը եւ գործարանները։
Անշուշտ ուրախալին այն է այստեղ, որ Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած է հիմնարար աւանդութիւն մը, որուն առաջին եւ հիմնական կէտը յատկացուած է հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին։
Ոլորտ մը, որ փոխկապակցուած է մայր բնութեան, հարկ է որ քայլ պահէ բոլոր տեսակի արդիական ընկալումներուն եւ տեղաշարժերուն հետ, նպատակ ունենալով անշուշտ (ինչպէս վերը նշեցինք) մաքուր պահել մայր բնութիւնը, օգտուիլ հողին տուած բարիքներէն ու միւս կողմէ ալ շարժական դրամագլուխի ու հետեւաբար նոր ներդրումային աւանդի վերածելու մայր հողին մէջ եղած մետաղեայ հարստութիւնները։
Հարստութիւններ, որոնց մասին գրած ենք տարբեր առիթներով եւ որոնք արժանի են արդիական լուծումներու, ճիշդ քայլերու եւ նախաձեռնող ոգիի, որպէսզի մեր երկիրն ալ համաչափ քայլերով շարունակէ մաս կազմել հանքի ոլորտի ամենատարբեր նուաճումներուն։
Տնտեսութիւն-հանքարդիւնաբերութիւն-արդիականութիւն, ահա այն եռեակը, որուն վրայ ալ պարտաւոր ենք յենուիլ կառուցելու համար արդիական եւ մրցունակ երկիր, որն առաջին քայլ մըն է կերտելու համար հզօր պետութիւն։
Արդիականացման նիւթով ալ օրերս շահեկան հրապարակում մը կատարած է ԶՊՄԿ-ի ամէնամսեայ ամսագիրը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք մասնագիտական վերլուծութիւն, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ ընթացող աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններով հագեցած այդ հրապարակումը։
Արդիականացման ծրագրին մասին. ԶՊՄԿ-ն պիտի կառուցէ նոր պոչատար եւ ջրամատակարարման նոր համակարգ
Զանգեզուրի Պղնձամոլիպտենային գործարանը նախատեսած է կառուցել ամբողջովին նոր եւ համեմատաբար մեծ տրամաչափով պոչատար խողովակաշար, ինչպէս նաեւ ծրագրած է կառուցել մասնակի շրջանառու ջրամատակարարման համակարգ։
Այս երկու խոշոր նախագիծերը ուղղուած են գործարանի արդիականացման։ Ծրագրի իրագործման համար անհրաժեշտ է կայացնել երեք հանրային լսում, որոնցմէ երկուքը արդէն կայացած են։ Կոմպինատը նախընտրած է ոչ թէ վերանորոգել հին եւ մաշած խողովակաշարերը, այլ կառուցել լրիւ նոր պոչատար խողովակաշար։
«Վթարներու վտանգը նուազեցնելու նպատակով որոշուած է կառուցել նոր խողովակաշար՝ 1200 մմ տրամաչափով, ներքին շերտով պատուած, որ պիտի դառնայ մեր հիմնական խողովակաշարը»,– նշած է ԶՊՄԿ-ի ճարտարարուեստական (տեխնիկական) տնօրէն Արման Վարդանեանը։ Ան ընդգծած է, որ ներկայիս ջրատականցային (ստորգետնեայ) անցումներու հատուածներուն մէջ երեքական խողովակաշար կայ, որոնցմէ գլխաւորը 1000 մմ տրամաչափով է։
Այն ներսէն պատուած է յատուկ կայուն նիւթով՝ ներապատումով, որ թոյլ չի տար, որ խողովակաշարը արագ մաշի։ «Միւս՝ 700 մմ տրամագիծ ունեցող երկու խողովակաշարերը կը ծառայեն որպէս պահեստային, երբ հիմնական խողովակաշարը նորոգութեան տակ գտնուի։ Երբ նորը կառուցուի, պահեստայինները կը հեռացուին, քանի որ այլեւս ատոնց կարիքը չըլլար», նշած է Վարդանեան։
ԶՊՄԿ-ի պատմութեան ընթացքին վթարները (Պատահարներ, արկածներ) հիմնականին մէջ տեղի ունեցած են ստորգետնեայ անցումներու մէջ։ Ատոնց նպաստած է նաեւ աշխարհագրական բարձր դիրքը։ «Նոր խողովակաշարը պիտի կառուցուի հանքարդիւնաբերութեան ժամանակակից չափորոշիչներով եւ բարձր սէյսմակայունութեամբ։ Յայտնի է, որ ամենավտանգաւոր հատուածները ստորգետնեայ անցումներն են, եւ խորհրդային շրջանին երրորդ նման անցումէն ազատուած են՝ կառուցելով նոր փապուղի (թունել)։ Նման ծրագիր եղած է նաեւ երկրորդ անցումէն ազատուելու համար, որ կիսատ մնացած է ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք, եւ այժմ մենք կ՚ուզենք վերականգնել նաեւ այդ ծրագիրը», յայտնած է ԶՊՄԿ-ի ճարտարարուեստական (տեխնիկական) տնօրէնը՝ աւելցնելով, որ կառուցուելիք նոր պոչատար խողովակաշարը պիտի ունենայ արտահոսքի վտանգէն պաշտպանուելու լրացուցիչ համակարգ, որ շրջակայ միջավայրի վրայ հաւանական ազդեցութիւնը նուազեցնելու եւս մէկ երաշխիք է։
Յաջորդ բնապահպանական կարեւոր ծրագիրը մասնակի շրջանառու ջրամատակարարման համակարգն է։ «Խտացուցիչ» կոչուող նոր կառոյցը նպատակ ունի աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու արտադրութեան մէջ ջուրի կառավարման գործընթացը։ «Զանգեզուրի Պղնձամոլիպտենային կոմբինատ»ը մէկ թոն հանքաքարի մշակման համար բնութենէն կը վերցնէ երկու խորանարդ մեթր արդիւնաբերական ջուր (որ կ՚օգտագործուի արտադրական, արդիւնաբերական, շինարարական կամ գիւղատնտեսական գործընթացներու համար)։ Կորզումէն ետք հանքաքարի մնացորդները եւ արդիւնաբերական ջուրը միախառնուելով կը վերածուին խիւսի, որ կը հոսի դէպի պոչամբար, իսկ նոր խտացուցիչը այդ գործընթացը պիտի դարձնէ աւելի արդիւնաւէտ։
«Տարեկան կը վերամշակենք 22 միլիոն թոն հանքաքար, որ կը նշանակէ՝ տարեկան բնութենէն կը վերցնենք ու կ՚ուղարկենք պոչամբար մօտաւորապէս 45-46 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր։ Մեր նպատակն է այդ ջուրի մէկ մասը հարստացուցիչ գործարանի մօտ վերցնել խիւսի միջէն եւ նորէն ետ ուղարկել գործարան՝ օգտագործելու մշակման համար։ Խիւսը պիտի խտացնենք մինչեւ 40% չոր մնացորդի, որ կը նշանակէ՝ տարեկան մօտ 12-15 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր բնութենէն չվերցնել», պարզաբանած է Արման Վարդանեանը՝ աւելցնելով, որ 50 մեթր տրամագիծ ունեցող ժամանակակից խտացուցիչը պիտի գնուի օգտակար հանքանիւթերու վերամշակման ոլորտին մէջ համաշխարհային ճանաչում ունեցող արտադրող ընկերութենէ։
Վերոյիշեալ այս երկու խոշոր ծրագիրները ուղղուած են բնապահպանական եւ ճարտարարուեստական վտանգներու նուազեցման, որոնք ԶՊՄԿ-ի առաջնային խնդիրներէն են։
Նիւթը պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը։
Նիւթի պատրաստութեան համար օգտուած ենք «Զանգեզուրի Պղձնամոլիպթենային կոմպինատ»ի ամսագրէն։