«Չափազանց տխուր մտածումներով ենք պաշարուած, բայց Սուրբ Ծննդեան տօնը լաւատեսութիւն է ներշնչում մեզ, որ մղձաւանջը, տկարութիւնը, ողբերգութիւնը կը յաղթահարենք»,- Այս մասին այսօր՝ 7 յունուարին, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն հոգեհանգստեան կարգ մատուցուելէն յետոյ, լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ՝ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեան։
«Թող Աստուած հանգստութիւն տայ բոլոր ննջեցեալներին՝ նախեւառաջ մեր նորօրեայ պատերազմում զոհուած նահատակների հոգիներին, այլեւս բոլոր ննջեցեալների հոգիներին։»,- ըսաւ Արշակ Սրբազան։
Անդրադառնալով երէկ մատուցուած Սուրբ պատարագին, որուն պետական այրերը ներկայ չէին, Արշակ Սրբազան արձագանգեց. «Իրենց որոշումն է եղել, մենք եկեղեցու մուտքը որեւէ մէկի առջեւ չենք փակում, քանի դեռ նա եկեղեցու հետ հաղորդակցութիւնից զրկուած չէ»։ Ան շեշտեց որ եկեղեցւոյ նկատմամբ արհամարհանք ոչ ոք կրնայ դրսեւորել. «Նոյնն է, որ արհամարհանք դրսեւորես Աստծոյ նկատմամբ»:
Անդրադառնալով վերջին շրջանին եկեղեցւոյ դէմ արշաւանքներուն, Արշակ Սրբազան նշեց, որ այդ քայլերը բացատրուած են, որպէս յետյեղափոխական ոգեւորութեան գործընթաց: Իսկ թէ Սուրէն Պապիկեանն է ուղղորդողը եկեղեցւոյ դէմ այդ շարժումը, Սրբազանը պատասխանեց. «դժուարանում եմ՝ հաստատել կամ հերքել»։ Ան շարունակեց, որ որոշ պետական պաշտօնեաներ, որոնք թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դէմ ինչ որ աքթեր իրականացնելու վերաբերեալ քարոզչութիւն տարածած էին, որեւէ պատասխանատւութեան չեն ենթարկուած, ուրեմն կարելի է ենթադրել, որ որոշակի քաջալերանք կայ։
Լրագրողի հարցին թէ, արդեօք հիմա եկեղեցին պատրա՞ստ է կանգնիլ պետութեան կողքին, ինչպէս միշտ եղած է: Սրբազանը պատասխանեց, որ պետութեան ներկայացուցիչները անգամ պետականութեան գոյութեան պայմաններուն պէտք է փորձեն եկեղեցւոյ հետ հաստատութենական լուծումներ գտնել. «որպէսզի ցանկացած նման ճգնաժամային իրավիճակներում եկեղեցին կարողանայ փոխարինել պետութեան, պետական գործառոյթներ ստանձնել, եթէ այդպիսի անհրաժեշտութիւն կայ, որովհետեւ ազգապահպանական գործառոյթը միայն պետութեանը չէ վերապահուած, պետութիւնը չէ միակ երաշխաւորը ժողովրդի կենսունակութեան ու յարատեւութեան ապահովման համար»։ Ան շարունակեց, որ Պետութեան ու եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները պէտք է յենուին գործակցային տրամաբանութեան վրայ։
Անդրադառնալով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի՝ Նիկոլ Փաշինեանի՝ հրաժարական ներկայացնելու յորդորին եւ Սիսիանի հոգեւորականի՝ վարչապետի ձեռք չսեղմելուն, ան նշեց, որ ինքն ալ կը պահանջէ վարչապետի հրաժարականը.
«Դա չպէտք է դիտարկել անձի նկատմամբ վերաբերմունքի արտայայտութիւն, պէտք է դիտարկել Հայաստանում ստեղծուած վերջին ճգնաժամային իրավիճակի մէջ, եւ թիւ մէկ պատասխանատուի ունեցած թերութիւնների անկարողութեան հետեւանք։ Մեր պատմութեան ողջ ընթացքում եկեղեցին եկեղեցուց արտաքսել եւ եկեղեցուց դուրս է դրել այնպիսի անձերի, որոնք շատ աւելի նուազ վնաս են հասցրել երկրին, ժողովրդին, քան այս իրավիճակում այն անձը, որը կրում էր թիւ մէկ պատասխանատւութիւնն այս գործնթացներին»։ Ան եզրափակեց թէ ուղղակի հնարաւոր չէր չարձագանգել այդ երեւոյթին։
Նիւթը՝ News.am-էն