Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը հանդիպած է 1980-1988 թուականներու իրանա-իրաքեան պատերազմին զոհուած հայերու ընտանիքներու հետ, յայտնած է Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանատունը։
Երկրի ղեկավարը անոնց այցած է Սուրբ Ծննդեան նախօրէին:
Փեզեշքիանը բարձր գնահատած է Օշաւան Այվազեանի եւ Գարիկ Թումանեանի ընտանիքներու նուիրուածութիւնն ու հերոսութիւնը, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են արտաքին յարձակումը ետ մղելու համար։
Նախագահը բարձր գնահատած է զոհուածներու բարձր բարոյեական կերպարը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց ընտանիքներուն իրանեան պետութեան նուիրուածութեան համար։
Պէտք է նշել, որ տարբեր աղբիւրներու համաձայն՝ Իրաքի հետ պատերազմին զոհուած է 180,000-էն 250,000 իրանցի։