Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Տ․ Օշական եպս․ Կիւլկիւլեանը, օրերս, հանդիսապետած է Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, որմէ ետք ալ հանդիպած է Էրպիլի նորընտիր Թաղական խորհուրդի անդամներուն հետ։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հակիրճ հաղորդագրութիւնը՝
Ուրբաթ օր, 28 Նոյեմբեր 2025-ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Օշական եպս․ Կիւլկիւլեանը հանդիսապետեց Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։
Պատարագէն ետք Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Էրպիլի նորընտիր Թաղական խորհուրդի անդամներուն հետ, յանձինս`
Ատենապետ պարոն Րաֆֆի Մովսէսեանի,
Խորհուրդի անդամներ` պարոն Երջանիկ Նասրէ Պաղդասարի և պարոն Ռուստամ Արմենակ Վանիսի։
Հանդիպման ներկայ եղան Էրպիլի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ. Արթուն քհնյ․Խալաթեանը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն ոմանք։