Իսրայէլ յայտարարած է Սոմալիլենտը որպէս պետութիւն ճանչնալու մասին՝ դառնալով առաջին երկիրը, որ կը ճանչնայ Արեւելեան Ափրիկէի ինքնահռչակ Սոմալիլենտը որպէս «անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն»:
Դեկտեմբեր 26-ին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն, ԱԳ նախարար Կետէոն Սաարը եւ Սոմալիլենտի ղեկավար Ապտիրահման Մոհամետ Ապտուլահին համաձայնագիր ստորագրած են:
Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Սոմալիի եւ Ճիպութիի կառավարութիւնները խստօրէն դատապարտած են Իսրայէլի նախաձեռնութիւնը՝ Թէլ Աւիւը մեղադրելով ծաւալապաշտական քաղաքականութեան եւ Սոմալիի ներքին քաղաքականութեան միջամտելու համար:
Սոմալիլենտ Ինքնավար Մարզը, որ կը համարուի Սոմալիի մաս, անկախութիւն հռչակած է 1991 թուականին։ Մինչ օրս այն չէ ճանչցուած միջազգային հանրութեան կողմէ։