Ռուսահայ Ատելիա Պետրոսեան երրորդ անգամ անընդմէջ դարձած է գեղասահքի Ռուսիոյ ախոյենուհի։
Ախոյենութեան մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Սենթ Փեթէրսպուրկի մէջ։ Ատելիա մենասահքի կարճ եւ ազատ մրցաձեւերու արդիւնքով հաւաքած է 235.95 նիշ։
Ատելիա Փետրուար 2026ին պիտի մասնակցի Ողիմպիական խաղերուն, բայց պիտի չկարենայ ներկայացնել Ռուսիան։ Ան հանդէս պիտի գայ Ողիմպիական դրօշակի ներքոյ։