Ռուսիոյ կառավարութիւնը երկարաձգած է պենզինի, տիզելային եւ վառելիքի այլ տեսակներու արտահանման ժամանակաւոր արգելքը։
Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Նշուած է, որ նոր որոշումը պիտի երկարաձգէ մեքենաներու պենզինի արտահանման ժամանակաւոր արգելքը մինչեւ 2026 թուականի փետրուար 28-ը ներառեալ։
Հրամանագրով երկարաձգուած է նաեւ նաւային վառելիքի, տիզելային վառելիքի եւ այլ կազային իւղերու, այդ շարքին՝ սակարաններու մէջ գնուածներու արտահանման արգելքը, որ պիտի չտարածուի նաւթամթերքի անմիջական արտադրողներու վրայ։
Սահմանափակումները ուժի մէջ պիտի մտնեն դեկտեմբեր 28-էն:
Նշուած է, որ կառավարութիւնն այսպիսի քայլի կ՚երթայ վառելիքի ներքին շուկային մէջ կայուն իրավիճակը պահպանելու նկատառմամբ։