image

Փոքրիկն Երջանիկ Մայք Սարեանի մկրտութիւնը՝ Լոս Անճըլըսի մէջ

 Փոքրիկն Երջանիկ Մայք Սարեանի մկրտութիւնը՝ Լոս Անճըլըսի մէջ

Երկար տարիներու երազանքը  դարձաւ իրականութիւն.  տեղի ունեցած է փոքրիկն  Երջանիկ-Մայք Սարեանի մկրտութիւնը։  

Մայք Սարեանի մեծ փափաքը միշտ ալ եղած է պանծացնել իր հանգուցեալ  հօր՝  Երջանիկ Սարեանի յիշատակը, եւ ահա այդ երազը այսօր դարձած է իրականութիւն։

Մայք Սարեանի ձեռամբ ցանուած բարութեան, աշխատասիրութեան եւ երախտագիտութեան սերմերն այսօր ոչ միայն ծլած են, այլ դարձած են վառ օրինակ՝ բոլորին համար։ 

Անհատին մէջ իր նախնիներու էութիւնը շարունակելու աւանդոյթը շատ խորունկ արմատներ ունի հայերուս մօտ։

Իւրաքանչիւր ծնող, հայր ու մայր կը ցանկայ, որ իր զաւակը կրէ մեծ հօր, մեծ մօր կամ ընտանիքին մէջ ծանր կորուստով մը կամ բարի յիշատակով հեռացած մէկ մերձաւորին անունը։

Անունը եւ անուանումը այս պարագային միայն խորհրդանշական ներկայութիւն մը չեն, այլ աւանդոյթի, արմատներու եւ էութեան շարունակութիւն մը, որուն մէջ ալ ծնողներն ու հարազատները, ընտանիքի բարեկամները ի վերջոյ պիտի կռահեն ու տեսնեն ապագայի մեծ յոյս մը։

 

Այսպիսին  է պարագան ամերիկահայ Մայք եւ Էւէլինա Սարեաններուն, որոնց անդրանիկ զաւակ փոքրիկն Երջանիկը օրերս արժանացաւ Սուրբ Մկրտութեան դրոշմին։

Բարի լուրին մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

Կը նշուի նաեւ, որ մկրտութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է դեկտեմբեր 22-ին՝  Լոս Անճըլըսի «Ինսինո» շրջանի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ Սարեան ընտանիքի հարիւրաւոր բարեկամներ մասնակից դարձած են խրախճանքի ընդունելութեան մը՝ Պէվրըլի Հիլզի շրջանի Beverly Wilshire Beverly Hills - A Four Seasons Hotel պանդոկի շքեղ սրահին մէջ եւ միասնաբար մինչեւ ուշ ժամեր նշած են այս գեղեցիկ առիթը։  Նոյն օրը զուգադիպած է հանրայայտ եւ սիրուած բարերար Մայք Սարեանի ծննդեան տարեդարձին, բան մը որ առիթը դարձուցած է աւելի փայլուն եւ շէնշող։

Կը  բաժնենկցինք Սարեաններու բացառիկ ուրախութիւնը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք նուիրեալ հայորդիներուն։

Մայք Սարեանի անունը յայտնի է մեր ընթերցողներէն շատ-շատերուն․ ան, ըլլալով պէյրութահայ համեստ ընտանիքի մը զաւակը, դժուարին պայմաններուն տակ փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ եւ շնորհիւ իր աշխատասիրութեան եւ աննկուն կամքին՝ կարողացած է նուաճել բարձր դիրքեր յատկապէս առողջապահութեան ոլորտէն ներս։

Հայութեան պարագային յատկապէս շատ են յաջողութեան պատմութիւնները, բայց եւ այնպէս Մայք Սարեանի պատմութիւնը կը տարբերուի անով, որ ան մշտական կերպով իր անմիջական նեցուկն ու օժանդակութեան բոլոր կարելիութիւններ դրած է ի սպաս մեր ազգին ու ժողովուրդին՝ ըլլայ իր ծննդավայրին՝ Լիբանանին, Սուրիոյ, Հայաստանին (մօտիկ անցեալին ալ Արցախին համար) եւ անշուշտ ամերիկահայութեան համար։ 

Մայք Սարեանի մեծ փափաքը միշտ ալ եղած է պանծացնել իր հանգուցեալ՝ Երջանիկ Սարեանի յիշատակը, եւ ահա այդ երազը այսօր դարձած է իրականութիւն։

Անոր ձեռամբ ցանուած բարութեան, աշխատասիրութեան եւ երախտագիտութեան սերմերն այսօր ոչ միայն ծլած են այլ դարձած են վառ օրինակ բոլորին համար։ 

 

 Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը