Կազայի հատուածին մէջ 2023 թուականի հոկտեմբեր 7-ին սկսած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհերու թիւն անցած է 71 հազարը։
Այս մասին յայտնած է Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
«2023 թուականի հոկտեմբեր 7-էն ետք զոհուած է 71 հազար 266 մարդ, վիրաւորուած՝ 171 հազար 219»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին զոհերու թիւն աւելցած է 292-ով։ Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալի համաձայն՝ հրադադարի հաստատումէն ետք զոհերու թիւն աւելցած է 414-ով, վիրաւորներինը՝ 1142-ով։