image

Ընթերցումներս. Անհամասեռութիւն (2). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Անհամասեռութիւն (2). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս (59)

Անհամասեռութիւն (2)

Անհամասեռ կրնայ ըլլալ, ինչպէս ըսինք, նախադասութեան որեւէ մէկ անդամ, որեւէ  բառ: Ստորեւ տեսնենք բայական անհամասեռութիւնը, որ եղածներուն մէջ ամենաայլազանն է, ամենաշատ հանդիպողը, ամենադիւրին  սպրդողը, այլեւ ամենաուսանելին: 

  1. Բայական անհամասեռութիւն (ա)

Առ այս առնենք հետեւեալ նախադասութիւնը.

--Գրիգոր ստիպուած է յարգել եւ հնազանդիլ  իր  վարպետին:

Ուր յարգել ներգործական բային եւ հնազանդիլ չէզոք բային   տրուած է նոյն տրական հոլով անուղղակի խնդիրը՝ վարպետին: Նման միտք արտայայտող նախադասութիւնը չի կրնար տրամաբանական ըլլալ, մարդու  բանականութիւնը կը մերժէ զայն:

 Որովհետեւ  վարպետին տրականը  կը գոհացնէ միայն հնազանդիլ բայը, մինչ յարգել-ը կը պահանջէ հայցական հոլով ուղիղ խնդիր: Այս պարագային ուղղախօսութիւնը կը պահանջէ, որ ըսուէր. 

--Գրիգոր ստիպուած է յարգել վարպետը (հայց. հոլով) եւ հնազանդիլ անոր (տրակ. հոլով)»:

 Նոյն տրամաբանութեամբ՝ 

 --Կը յիշէի այդ  հիւրընկալ յարկը, ուր սիրած ու սիրուած էի բոլորէն:

Սա իր կարգին ուրիշ անհամասեռութիւն մըն է, քանի որ բոլորէն անուղղակի խնդիրը կը գոհացնէ միայն սիրուած էի կրաւորական  բայը՝ սիրուած էի բոլորէն:

Սակայն չի գոհացներ սիրած էի ներգործական բայը, որ հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ, այսինքն՝ սիրած էի բոլորը:

Ուրեմն պարտինք շարադրել հետեւեալ ձեւերէն մէկով.

            --Կը յիշէի այդ հիւրընկալ յարկը, ուր սիրած էի բոլորը եւ սիրուած էի բոլորէն:

            --Կը յիշէիի այդ հիւրընկալ յարկը, ուր սիրած էի բոլորը եւ սիրուած էի անոնցմէ:

                                                              *   *   *

            Սերտենք եւ սրբագրենք հետեւեալները.

-- Ան ծանօթացաւ եւ  շատ սիրեց հայկական երգերը:

                Ան ծանօթացաւ հայկական  երգերուն  եւ շատ սիրեց  զանոնք:

           *** Ասի փորձանք մըն է, որ պէտք է հեռացնել եւ ձերբազատիլ շուտով:

           ---Ասի փորձանք մըն է, որ պէտք է հեռացնել  եւ որմէ պէտք է  ձերբազատիլ   շուտով:

           Եթէ ուշադիր բաղդատենք տրուած երկու լուծումները բնօրինակին հետ, ապա պիտի նկատենք, որ սխալ  բնօրինակը շատ աւելի ճկուն ու բարեհունչ է, այլ  մանաւանդ կարճ ու կոկիկ է, մինչ բերուած երկու ճիշդ կառոյցները ունին տաղտկալի բան մը, որ վանողական է:

           Եւ ճիշդ այս վերջինին յատկութիւններն ալ կը մղեն մեզ բոլորս, որ ինքնաբերաբար, գրեթէ բնազդաբար նախընտրենք սխալ ձեւերը, որովհետեւ գեղագիտութիւնը միշտ գերակայ է կանոնականէն. ներքին ձայն մը կ’ըսէ մեզի.

          -Վնաս չունի, թող գեղեցիկ ըլլայ, նոյնիսկ եթէ սխալ է:

                                                                       *   *   *

           *** Արուեստի գործի մը հետ  հաղորդուելու կամ ըմբռնելու եւ ըմբոշխնելու համար անհրաժեշտ է որոշ պատրաստութիւն: 

           ---Արուեստի գործի մը հետ հաղորդուելու կամ զայն ըմբռնելու եւ ըմբոշխնե-լու համար անհրաժեշտ է որոշ պատրաստութիւն:

           *** Իսրայէլ կ’աջակցի եւ կ’օգտագործէ ահաբեկչութիւնը:

            ---Իսրայէլ կ’աջակցի ահաբեկչութեան եւ կ’օգտագործէ զայն:  

            *** Անոնք Յիսուսը պաշտելու եւ երկրպագելու կոչ կ’ուղղեն մեզի:

            ---Անոնք Յիսուսը պաշտելու եւ անոր երկրպագելու  կոչ կ’ուղղեն մեզի:

            ---Անոնք կոչ կ’ուղղեն մեզի՝ պաշտելու Յիսուսը եւ երկրպագելու անոր:        

            ***Թրքական ապրանքին  հիացողն ու գնողը հայ մըն էր:       

            ---Թրքական ապրանքին  հիացողը եւ զայն գնողը հայ մըն էր: 

            Այս  եւ աւելի բարդ կառոյցներու համաձայնութիւնները ճիշդ կատարելը  կը պահանջէ որոշ հմտութիւն խօսողէն ու գրողէն: Եւ ի զուր չէ, որ անհամասեռութիւնը յատուկ է մասնաւորաբար ժողովրդախօսակցական ոճին, բայց նաեւ անվարժ ու մանաւանդ անփոյթ գրիչին: 

                                                               *    *    *

             Բացառուած չէ, որ գրողը ենթադրէ, թէ  նոյն կառոյցին մէջ  համադասած է քանի մը բայեր  եւ չանդրադառնայ իսկ,  թէ  չարաչար սխալած է:   Օրինակ՝

             ***Մեր մէջ ոչ ոքի կ’արտօնուի, եւ ոչ ոք կը համարձակի, եւ ոչ ոքի տեղ կը տրուի մամուլին մէջ ազգային հրատապ հարցի մը շուրջ վերլուծական ազատ յօդուած մը գրել» («Կամար», թիւ 21, էջ 78): 

             Խառնակ մտածողութեան եւ շարադրանքի տիպար մըն է այս հատուածը, ուր երեք բազմակի այլասեռ/անհամադասելի     բայերու փորձուած է տալ նո՛յն լրացումը՝ գրել

--կ’արտօնուի ... կրաւորական,  ուր գրել  մտածուած է իբրեւ ենթակայ, ուրեմն՝ ուղղական հոլով:

           --կը համարձակի ներգործական... ուր գրել  մտածուած է  իբրեւ ուղիղ խնդիր, ուրեմն՝ հայցական հոլով:

           --տեղ կը տրուի չէզոք... ուր գրել  մտածուած է իբրեւ անուղղակի խնդիր, այինքն՝ տրական հոլով:

              Եւ ուրեմն՝ իր առաջին պաշտօնին բերումով գրել  ուղղական հոլով է, երկ-րորդին բերումով՝  հայցական հոլով է, իսկ երրորդին բերումով՝ տրական հոլով է:  

              Արդ, չի կրնար պատահիլ, որ  բառ մը նո՛յն  կառոյցին  մէջ ունենայ երեք տարբեր հոլովներ   եւ կատարէ երեք տարբեր պաշտօններ:

              Բանականութիւնը չ’ընդունիր նման բան:

   
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com