ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Նարեկ Մկրտչեանը Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Այս մասին յայտնած են ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն։
Նորանշանակ դեսպաններու համար կազմակերպուած միջոցառման շրջածիրէն ներս կայացած հանդիպման ժամանակ դեսպան Նարեկ Մկրտչեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ցուցաբերած հետեւողական ջանքերու, ինչպէս նաեւ օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ ձեռք բերուած պատմական համաձայնութեան եւ ստորագրուած փաստաթուղթերու համար։
Իր հերթին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը շնորհաւորած է հայ ժողովուրդը՝ ընդգծելով, որ վերջինս արժանի է կայուն խաղաղութեան եւ վերահաստատած է իր անվերապահ աջակցութիւնը խաղաղութեան ուղղուած գործընթացներուն։
Նախագահ Թրամփը առանձնակիօրէն ընդգծած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութիւնն ու անոր նշանակալի դերակատարութիւնը հաստատուած խաղաղութեան գործընթացին մէջ։
Նախագահ Թրամփ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցած է նաեւ անձնական մակագրութեամբ նուէր՝ ի նշան բարձր գնահատանքի։