Կրնանք շատ բաներ, մի քանի հարիւր էջեր կարդալ Հայաստանի այժմու կացութեան մասին: Սակայն այս պահին հիմնականը, «պարզապէս», հետեւեալն է:
Թուրքերը, Թուրքիան՝ Ադրբեջանին միացնող, միջանցք մը կ'ուզեն:
Այսինքն, նոր կառուցուելիք, յատուկ եւ ուրոյն, բացառիկ եւ բացառեալ, transitի ճանապարհ մը: Որ՝ կը սկսի մէկ (պաշտօնապէս) թրքական տարածքէն եւ ուղղակի կ'երթայ մինչեւ միւսը: Եւ որ, Հայաստանի պետական վերահսկողութենէն՝ դուրս է:
Այդ ճամբան պիտի ըլլայ ուրեմն՝ Թուրքիոյ եւ/կամ Ադրբեջանի տարածք, Հայաստանի մէջէն անցնող: Բառացիօրէն՝ Թուրքիա, Հայաստանի մէջ:
Թրքական այս պահանջքին դիմաց, Հայաստանի կառավարութիւնը ասում է՝ No Way Jose !
Ասըմ ա՝ հա, Հայաստանի իր ունեցած ճամբաները կը տրամադրէ ձեզի: Նոյնիսկ նոր ճամբաներ ալ կրնան բացուիլ: Սակայն բայց բոլորը պիտի մնան՝ Հայաստանի գերիշխանութեան ներքոյ, նրա վերահսկողութեան տակ: Հայկական հող, որուն վրայէն թուրքերը իրաւունք կ'ունենան երթեւեկելու: Առանց որեւէ թրքական պետական սեփականութեան իրաւունքի:
Հետեւաբար, թուրքերը շարունակում են իրենց յարձակումը, ռազմական ներխուժումը, Հայաստան-Ադրբեջան արեւելեան ռազմաճակատին վրայ:
Կամ՝ այդ միջանցքը կ'ունենան, կամ... ասանկ կը շարունակեն:
Այս է, իրենց կեցուաքը:
Բնաւ յստակ չէ թէ, այս կացութեան մէջ, Հայաստանի կառավարութեան planը, ծրագիրը, ի՞նչ է:
Սոյն կառավարութեան հաշիւը,
կամ այն է որ՝ Ռուսաստանը թող զբաղուի այս խնդրով,
կամ ալ՝ թուրքերը թող հասկնան որ, ամէն դէպքում, it's just not gonna happen. եւ ուրեմն, թող հրաժարին իրենց այդ պահանջէն:
Մինչ այդ, Հայաստանը պիտի զբաղուի... ուրիշ նիւթերով: Տնտեսութիւն-մնտեսութիւն, ներքին այլազան խնդիրներ, եւ անշուշտ ու մանաւանդ՝ Ժողովրդավարութեան օրինակելի առաջընթաց, Անդրկովկասի մէջ - եթէ ոչ համայն Աշխարդհի համար - :
Արգիլուած չէ մտածելը որ Փաշինյանը... տեղի պիտի չտայ:
Թէ, նա պիտի մերժէ այդ միջանցքը շնորհել թուրքերուն:
Խի՞:
Քանզի անհնար է զիջումի մղել մէկը, որ համոզուած է թէ կորսնցնելիք չունի:
Արդարեւ, գոնէ իր իւրայատուկ գլուխին մէջ, այս էճեյիպ հէրիֆը համոզուած է որ՝ Հայաստանը այլեւս բան չունի կորսնցնելիք:
Արցախը՝ գնաց արդէն, վսյո՛:
Եւ Ռուսաստանը - կամ... ուրիշ պետութիւններ -, թոյլ պիտի չտան որ Հայաստանն ալ բռնագրաւուի թուրքերուն կողմէ:
Ուրեմն հիմա, ինք կրնայ լրիւ անզիջող լինել:
Քանի որ արդէն ամէն բան յանձնուեցաւ: Զիջելու բան չմնա՛ց:
Ուրեմն տեղի պիտի չտայ, քանի որ տեղ չմնաց՝ տեղի տալու:
Հետաքրքրական մօտեցում է...
Մինչեւ հիմա, Փաշինյանին անմրցելի հայվանութիւնը, միմիայն մեզի, Հայութեան վնաս բերաւ:
Այս հանգրուանին, թերեւս այդ նոյն արտակարգ, արտասովոր էշութիւնը՝ քիչ մըն ալ թուրքերուն - եւ այլ պետութիւններու... - համար գլխացաւ կը հանդիսանայ:
Դեհ լաւ, տենանք ուրեմն:
Քանզի ճիշդ է որ՝ արդէն շատ բան ալ չմնաց, դեռ աւելի կորսնցնելու:
Որովհետեւ առանց Արցախի, արդէն Հայաստանը որեւէ ապագայ չի կրնար ունենալ: Մնացեալը, զուտ վերացական, օդին մէջ բաներ են արդէն:
Հայդուկ Շամլեան
Յ.Գ. Եթէ ոմանք թերեւս շուարեցան այս գրառումէս, լաւ, քիչ մը օգնեմ իրենց հասկացողութեան:
Ուրեմն, նորմալ աշխարհի մը մէջ՝
ոչ թէ, Փաշինյանը պէտք է որ հիմա հրաժարէր,
ոչ թէ, Փաշինյանը պէտք չէ որ վերընտրուէր,
ոչ թէ, Փաշինյանը, ինք, պէտք չէ ուզեր ներկայանալ վերջին ընտրութիւններուն,
այլ Փաշինյանը, երբեք ու երբեւիցէ, պէտք չէ որ մօտենար անգամ Հայաստանի ղեկին շուքի՛ն իսկ:
Նորմալ աշխարհի մը մէջ, that is...
Մինչ,
ոչ միայն ընդհանուր աշխարհը՝ նորմալ չէ,
այլ Հայոց աշխարհը՝ դեռ անկէ ալ նուազ նորմալ է:
Հարկաւոր է այստեղ աւելցնել՝
այս Գերագոյն Խորտակիչին դէմ,
Դիմադրութիւնը... իրմէ աւելի խղճալի է:
Ոչ միայն այսօր, չէ՜...
Այլ, եւ նամանաւա՛նդ՝ Ապրիլ 2018էն սկսեալ:
Հետեւաբար, հա... Հիմա յոյսս այն է, որ այս Գերագոյն Հայվանին Վեհագոյն Հայվանութիւնը, մէկէն, «օգտակար» կը դառնայ...