image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը պէտք է դառնայ ուժեղ երկիր. Սամուէլ Կարապետեան

Հայաստանը պէտք է դառնայ  ուժեղ երկիր. Սամուէլ Կարապետեան

Ապրիլ 11-ին Ազատութեան հրապարակին մէջ մեկնարկած «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան հանրահաւաքի մասնակիցներուն տեսաուղերձով դիմած է կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանը՝ ներկայացնելով երկրի տնտեսական վերածնունդի եւ «ուժեղ խաղաղութեան» իր ծրագիրը: Անազատութեան մէջ գտնուող գործիչը յայտարարած է ձեռնարկութեան կառավարումը զաւակներուն փոխանցելու եւ որպէս վարչապետ քաղաքական պատասխանատւութիւն ստանձնելու պատրաստակամութեան մասին՝ նշելով, որ իր պայքարն ուղղուած է հայկական ինքնութեան պահպանման եւ աղքատութեան յաղթահարման։

«Արդէն գրեթէ մէկ տարի է, ինչ ես գտնւում եմ կալանքի տակ՝ եկեղեցին եւ մեր ինքնութիւնը պաշտպանելու համար: Ես բարձրացրել եմ իմ ձայնը մի վարչակարգի դէմ, որը հայ ժողովրդին պահում է աղքատութեան մէջ, պատերազմի վախի ներքոյ եւ պառակտուած վիճակում»,-ըսած է Կարապետեանը:

Սամուէլ Կարապետեանը հանրութեան խոստացած է արմատապէս փոխել ընկերային-տնտեսական իրավիճակը՝ ստեղծելով նոր գործարաններ եւ 300 հազար նոր աշխատատեղ: Ան վստահեցուցած է, որ հզօր տնտեսութիւնը կը հանդիսանայ ուժեղ դիւանագիտութեան եւ մասնագիտական բանակի հիմքը, որն ալ իր հերթին կրնայ գործնականօրէն ապահովել երկրի խաղաղութիւնը:

«Հայաստանը պէտք է դառնայ անվտանգ, խաղաղ, հարուստ, ուժեղ երկիր. երկիր, որտեղ կառավարիչները ոչ թէ դատարկում են բիւջէն ու լցնում սեփական գրպանները, այլ հակառակը՝ դատարկում են սեփական գրպանները յանուն մեր հայրենիքի բարեկեցութեան: Արդարութիւնը ու ներքին համերաշխութիւնը յարատեւ են լինելու Հայաստանում. Հայաստանը դարձնելու ենք բարեկեցութեան երկիր ու աղքատութիւն բառը թողնելու ենք անցեալում: Ես այս բոլոր խոստումների իրականացումը երաշխաւորում եմ»,-ըսած է Կարապետեանը:

Խօսելով անվտանգային միջավայրի մասին՝ «Ուժեղ Հայաստան»-ի առաջնորդը մեղադրած է գործող իշխանութիւնները հանրութեան շրջանին մէջ նոր պատերազմի, մասնաւորապէս՝ սեպտեմբերեան մագլցումի վախեր սերմանելու մէջ: Յիշեցնելով նախորդող տարիներու ողբերգական իրադարձութիւնները՝ ան վստահեցուցած է, որ որպէս վարչապետ թոյլ պիտի չտայ նոր պարտութիւններ եւ պիտի ապահովէ կայուն խաղաղութիւն: Արտաքին քաղաքականութեան պարունակին մէջ ան շեշտած է, որ պարտուողական կեցուածքը պիտի փոխարինուի «ուժեղ խաղաղութեամբ»։

Կարապետեանը նշած է, որ պիտի վերականգնեն վստահութիւնն ու կապերը Սփիւռքի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի ամրապնդեն Հայաստանի դիրքերը միջազգային հիմնական կեդրոններուն մէջ՝ Մոսկուա, Ուաշինկթըն, Լոնտոն եւ Փեքին:

«Յարգելի հայրենակիցներ, մեզ ընտրութիւններում մեծ յաղթանակ է պէտք, որպէսզի մենք աւելի արագ իրականացնենք այն բոլոր մասշտաբային ծրագրերն ու փոփոխութիւնները, որոնց վաղուց արժանի է հայ ժողովուրդը: Ուժը ձեր ձեռքերում է, դուք սկսում էք փոփոխութիւնը, իսկ ես այն դարձնելու եմ իրականութիւն: Միասին մենք՝ ուժեղ տնտեսութեամբ, ուժեղ դիւանագիտութեամբ, ուժեղ բանակով, կը բերենք ուժեղ ու կայուն խաղաղութիւն եւ բարեկեցիկ կեանք։ Ես իմ կառուցած ամենամեծ հայկական բիզնես ընկերութեան կառավարումը փոխանցում եմ իմ երեխաներին, իսկ ես ծառայելու եմ իմ երկրին եւ փոխելու եմ Հայաստանի քաղաքացիների կեանքը դէպի լաւագոյն ապագայ։ Փոփոխութիւնների ժամանակը եկել է. շուտով ես ձեզ հետ կը լինեմ, մէկ վայրկեան չկասկածէք՝ արդարութիւնը յաղթելու է, ուժեղ Հայաստանը յաղթելու է»,- յայտարարած է Կարապետեանը: