Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ նախագահները զրուցած են՝ անդրադառնալով Հարաւային Կովկասին։
«Մայիս 4-ին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովը։ Այս ծիրէն ներս վերահաստատած եմ Փարիզի աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին, որ պիտի բանայ նոր դարաշրջան՝ հիմնուած բաց սահմաններու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային գործակցութեան ամրապնդման վրայ»,– գրած է Էմանուէլ Մաքրոն X-ի իր էջին։
Նախագահները քննարկած են նաեւ իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ մէջ։ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Ռեճէպ Էրտողան շեշտած են Լիբանանի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման, Հորմուզի նեղուցի ապաշրջափակման եւ դիւանագիտական լուծումներ գտնելու կարեւորութիւնը։
Մաքրոն նաեւ ընդգծած է Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը։ Կողմերը համաձայնած են խորացնել երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը։
Մաքրոն զրուցած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ, օրակարգին վրայ եղած է Մերձաւոր Արեւելքը։