image

Խաղաղութեան խօսք, պատերազմի գործ. Իսրայէլ կը բանակցի, բայց չի դադրեցներ կրակը Լիբանանի ուղղութեամբ

Խաղաղութեան խօսք, պատերազմի գործ. Իսրայէլ կը բանակցի, բայց չի դադրեցներ կրակը Լիբանանի ուղղութեամբ

Ըստ «Աքսիոս» պարբերականի մէկ աղբիւրին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները պիտի սկսին յառաջիկայ շաբաթ, Ուաշինկթընի մէջ։

Ամերիկեան կողմէն բանակցութիւններուն պիտի հետեւի Լիբանանի մէջ ԱՄՆ դեսպան եւ արմատներով Լիբանանցի՝ Միշէլ Իսա, Իսրայէլի կողմէ ԱՄՆ-ի մէջ դեսպան Եխիէլ Լայթըրը, իսկ Լիբանանի կողմէ ԱՄՆ-ի մէջ դեսպան Նատա Հըմատէ-Մուաւատ։

Խաղաղութեան խօսք, պատերազմի գործ. Իսրայէլ կը բանակցի, բայց չի դադրիր կրակ բանալէ Լիբանանի ուղղութեամբ։ 

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն հինգշաբթի օր յայտարարեց, որ հրահանգած է իր կառավարութեան՝ որքան կարելի է շուտ սկսիլ ուղղակի բանակցութիւններ Լիբանանի հետ։

Միւս կողմէ սակայն իսրայէլեան աղբիւրներ կը շեշտեն, որ Իսրայէլ պատրաստ չէ զինադադար պահպանելու Լիբանանի հետ։ 

Այս յայտարարութիւնը կը հետեւի Նաթանիահուի ունեցած հեռախօսազրոյցներուն՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով Սպիտակ Տան յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ։ 

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Ուիթքոֆ կոչ ուղղած է Նաթանիահուին՝ մեղմացնելու Լիբանանի մէջ հարուածները եւ միաժամանակ բանալու բանակցութիւններու դուռը։

Ստեղծուած իրավիճակը որոշ չափով շրջադարձ կը համարուի Թրամփի դիրքորոշման մէջ, որովհետեւ ան նախապէս «կանաչ լոյս» տուած էր շարունակելու պատերազմը Լիբանանեան «Հըզպալլա»ին դէմ։

Իրանի կողմէ սակայն կը պնդուի, որ Լիբանանը ներառուած էր զինադադարի համաձայնութեան մէջ, եւ այժմ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կը խախտեն այդ պայմանաւորուածութիւնը։ Թեհրան նաեւ կը սպառնայ դադրեցնել խաղաղութեան բանակցութիւնները կամ նոյնիսկ փակ պահել Հորմուզի նեղուցը։ Նման դիրքորոշում արտայայտած են նաեւ փաքիստանցի միջնորդները, որոնք կը հաստատեն, որ Լիբանանը մաս կը կազմէր համաձայնութեան։

Իրականութեան մէջ, զինադադարի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, Իսրայէլ զգալիօրէն սրեց իր գործողութիւնները Լիբանանի մէջ։ Չորեքշաբթի օրուան հարուածները, ըստ լիբանանեան քաղաքացիական պաշտպանութեան, խլեցին առնուազն 300 մարդու կեանք։

Ակներեւ է, որ Սպիտակ Տան ճնշումներուն տակ Նաթանիահու ի վերջոյ փոխեց իր մօտեցումը։

Ան նաեւ բարձր գնահատեց Լիբանանի վարչապետին կոչը՝ Պէյրութը զինաթափելու եւ «առանց զէնքի քաղաք» դարձնելու միտուած ճիգերը։

Այնուամենայնիւ, իսրայէլեան աղբիւր մը կրկին ընդգծեց, որ «Լիբանանի մէջ զինադադար չկայ», եւ որ բանակցութիւնները պիտի սկսին մօտ օրերուն՝ առանց ռազմական գործողութիւններու դադարեցման։