Վերջին շրջանին, պատերազմէն ետք վերականգնման եւ զարգացման փուլ թեւակոխած Հալէպ քաղաքին մէջ կը շարունակուին տարբեր նախաձեռնութիւններ՝ ուղղուած տնտեսական, կրթական եւ քաղաքային կեանքի աշխուժացման։ Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, Սուրիոյ հայ համայնքը եւս կը շարունակէ իր գործուն մասնակցութիւնը բերել հասարակական կեանքին՝ հաստատելով համագործակցութիւններ տեղական իշխանութիւններուն հետ եւ նպաստելով կայուն զարգացման ջանքերուն։
Նոյն ծիրին մէջ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան այցելութիւն տուած է Հալէպի նահանգապետ՝ Տիար Ազզամ Ալ-Ղարիպին։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Երկուշաբթի, 31 Մարտ 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, այցելեց Հալէպի նահանգապետ Երկրչ. Տիար Ազզամ Ալ-Ղարիպին, ուր քննարկուեցան Հալէպի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ շրջանի ընդհանուր զարգացումները։
Հանդիպումի ընթացքին, նահանգապետը ներկայացուց քաղաքին մէջ իրականացուող զարգացման ծրագիրները՝ յատկապէս շեշտելով «Խելացի քաղաք» նախաձեռնութիւնը որպէս Հալէպի ապագայի տեսլականի հիմնական ուղղութիւններէն մէկը։
Իր կարգին, Համայնքապետ Վերապատուելին, իր գնահատանքը յայտնեց այս ջանքերուն նկատմամբ եւ ներկայացուց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին կողմէ մատուցուող բազմաբնոյթ ծառայութիւնները, յատկապէս կրթական, առողջապահական, մարդասիրական ծառայութիւններու եւ մասնագիտական ուսուցման ոլորտները՝ շեշտելով անոնց դերը հասարակութեան աջակցութեան եւ կայունութեան ամրապնդման մէջ։
Ան նաեւ պաշտօնական հրաւէր ուղղեց նահանգապետին մասնակցելու Science Fair 9 (իններորդ գիտական ցուցահանդէս)-ին, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի համայնքապատկան դպրոցներուն կողմէ Հալէպի մէջ, աշակերտներու մասնակցութեամբ։
Նահանգապետը ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը՝ հաստատելով անոր ներդաշնակութիւնը «Խելացի քաղաք» տեսլականին հետ եւ խրախուսելով նման կրթական եւ ճարտարագիտական նախաձեռնութիւնները։
Սոյն ցուցահանդէսը պիտի վայելէ նահանգապետի հովանաւորութիւնը։
Հանդիպումի աւարտին, նահանգապետը յանձնեց Հալէպի բերդի յուշանուէրը՝ ի գնահատութիւն այս այցելութեան եւ Համայնքին կողմէ տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող ծառայութիւններուն։
Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նահանգապետին օգնականները եւս։
