Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին մէջ օրերս տեղի ունեցած մտաւորական հանդիպումը կը դառնայ առիթ մը վերարժեւորելու հայ պատմագիտական մտածողութիւնը եւ նոր լոյս սփռելու Արեւմտեան Հայաշխարհի կազմաւորման բարդ ուղիներուն վրայ։ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ կազմակերպուած այս կլոր սեղանը, փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեանի խորքային բանախօսութեամբ, միայն ակադեմական քննարկում մը չէր, այլ՝ փորձ մը նոր հայեցակէտով մօտենալու մեր հազարամեայ պատմական փորձառութեան։
Հանդիպումը նաեւ ընդգծեց, որ պատմութիւնը պէտք է դիտուի ոչ միայն իբրեւ անցեալի պատում, այլ որպէս ապրուած իրականութիւն, որ կը շարունակէ ձեւաւորել մեր ինքնութիւնը։ Այս ոգիով հրատարակուած մատենաշարը կը նպատակադրէ դուրս գալ աւանդական պատմագրութեան սահմաններէն եւ ներկայացնել հայ ժողովուրդի գոյատեւման, մշակութային ստեղծագործութեան եւ քաղաքական մտածողութեան ամբողջական պատկերը՝ յատկապէս Արեւմտեան Հայաշխարհի համատեքստին մէջ։
Այսպիսով, նախաձեռնութիւնը կը վերածուի ոչ միայն գիտական աշխատանքի, այլեւ՝ հաւաքական ինքնաճանաչման կարեւոր հանգրուանի մը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, օրերս, տեղի ունեցած է «Հիմնահարցեր եւ հանգրուաններ՝ Արեւմտեան Հայաշխարհի կազմաւորման մէջ» նիւթով կլոր սեղան մը, գլխաւոր բանախօսութեամբ Նիւ Եորքէն փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեանի եւ ներկայութեամբ գաղութի հրաւիրեալ մտաւորականներու։
Այս առիթով առաջնորդարանը նաեւ հրատարակած է գրքոյկ մը, որ կը ներկայացնէ հեղինակին մատենաշարը եւ անոր պատմագիտական նորութիւններն ու նշանակութիւնը Արեւմտեան Հայաշխարհի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ՝ Չորեքշաբթի, 25 Փետրուարի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հիմնահարցեր եւ Հանգրուաններ՝ Արեւմտեան Հայաշխարհի Կազմաւորումին մէջ» նիւթով կլոր սեղան մը, գլխաւոր բանախօսութեամբ փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեանի (Նիւ Եորքէն) եւ ներկայութեամբ գաղութէս խումբ մը հրաւիրեալ մտաւորականներու:
Այս առիթով, առաջնորդարանը հրատարակեց գրքոյկ մը, ուր կան երեք հատորներուն կողքի պատճէնները, բովանդակութիւնը, եւ գրութիւն մը փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեանէն: Հեղինակը կը բացատրէ մատենաշարին պատմագիտական նորութիւնները, նպատակները, եւ նշանակութիւնը, մասնաւորաբար Արեւմտեան Հայաշխարհի հազարամեայ եղափոխութեան, քաղաքական-մշակութային մասնաւորութիւններու եւ Հայ եկեղեցւոյ ցարդ անգիր քաղաքական պատմութեան:
Ցարդ, Մատենաշարէն հրատարակուած են երկու հատոր (երկլեզու), իսկ երրորդը (անգլերէն) եւ ամէնէն ծաւալունը՝ մամուլի տակ է։ Անոնք են.

– Nerses IV Shnorhali – Saint and Diplomat and the Persistence of the People and the Church in the Western Armenian World. «Ներսէս Դ. Շնորհալի Սուրբ եւ Դիւանագէտ եւ Ժողովուրդին ու Եկեղեցիին Գոյատեւումը Արեւմտեան Հայաշխարհին Մէջ» (2025).
– Yovhan III Odznetsi Saint, Jurist and Great Master of Armenian Mesopolitan Culture and Diplomacy. «Յովհան Գ. Օձնեցի (իշխ. 717-728) Սուրբը, Կանոնագէտը եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի եւ Դիւանագիտութեան» (2025)
– Prolegomenon to the Millennial History of the Western Armenian World ‒ The First Phase Tenth to Fifteenth Centuries – From Kingdoms to Awakening, Politics and Culture. (2026):
Մատենաշարը իր ծննդոցը ունի միաժամանակ ընկերային, մշակութային եւ պատմագիտական մտահոգութիւններու մէջ: Գլխաւոր նպատակներէն է մտաւորական եւ հոգեւոր մշակոյթը, եւ ապրուա՛ծ ‒ ոչ թէ երեւակայուած, շարադրուած եւ «ծրագրուած» ‒ պատմութիւնը դարձնել ժողովուրդին մատչելի եւ առընչուած անոր ներկայի՛ հարցերուն եւ ինքնաճանաչութեան հորիզոններուն:
Բացի մի քանի նիւթերէ, ինչպէս Եղեռնը եւ Ղարաբաղը, հայ պատմագրութեան ‒ ոչ թէ պատմագիտութեան ‒ մէջ կան բազմաթիւ մութ մասեր, արմատական հանգոյցներ եւ անելներ (impasse): Ըստ հեղինակին՝ պատճառները պէտք է փնտռել մերձաւոր արեւելեան եւ միջնաշխարհեան կացութիւններու ընդմէջէ՛ն հայոց պատմական փորձառութիւնները հասկնալու եւ բացատրելու մասնակի կերպերուն եւ դիտանկիւններուն մէջ:
Մատենաշարին կարեւոր նիւթերէն մէկն է Հայ եկեղեցիին աւելի քան 17 դարերու քաղաքական պատմութիւնը, որ լուսանցքային կերպով միայն արժանացած է պատմաբաններու ուշադրութեան: Շնորհալիի, Նարեկացիի նման դէմքերու, ընկերային, քաղաքական նաեւ՝ աստուածաբանական աւանդը, իրակա՛ն-գործօն անհատականութիւնները անորոշ են, իսկ իրենք կը մնան մեծ «ծանօթ-անծանօթներ» (familiar strangers): Շնորհալին ծանօթ է իր շարականներով եւ աստուածաբանութեամբ, իսկ Նարեկացին իր բուժիչ եւ հրաշալի Նարեկով: Արդէն շատ ուշացած նախաձեռնութիւններ են ուսումնասիրել Շնորհալին դերը իր բարդ եւ վտանգաւոր միջնաշխարհեան ժամանակին ու շրջանին մէջ, իսկ Նարեկացին՝ իբրեւ 10րդ դարու խիզախ ու հանճարեղ ընկերային-գաղաղափարաբանական յեղափոխական: Ա՛յս կարգի մօտեցումներ եւ վերլուծումներ կը բնորոշեն մատենաշարին հատորները:
Մատենաշարին հեղինակին մօտեցումը միջմարզային (interdisciplinary) է: Ասիկա կը նշանակէ եւ կը պարտադրէ համադրել պատմագիտութիւն, ընկերաբանութիւն, մշակոյթի պատմութիւն, արուեստներ, եւ մասնաւորաբար՝ փիլիսոփայական-քննադատական մեթոտը: Այսպէս, Շնորհալիի եկեղեցական, աստուածաբանական, գրական եւ քաղաքական ասպարէզները կու գան միակ լայն պատմագիտական շրջանակի մէջ: Չկան մի քանի Շնորհալիներ, կայ մէ՛կ Շնորհալի որ սուրբ է եւ միաժամանակ դիւանագէտ, նաեւ՝ բանաստեղծ: Ուրեմն սովորական կեդրոնացումը նեղ երեսի մը վրայ մթագնած է ամբողջական մարդը, իր դերն ու աւանդը: Նոյնն է պարագան Նարեկացիի, պատմական շրջաններու եւ կարեւոր իրադարձութիւններու:
Մատենաշարին մօտեցումի կարեւոր նորութիւններէն մէկն է նաեւ պատմագիտական յարացոյցի (paradigm, model) յեղաշրջումը: Փոխանակ կեդրոն-շրջամասի, կամ հայրենիք-Սփիւռք/արտասահմանի, կ՛առնուին երկու պատմական հայաշխարհներ՝ Արեւելեան Հայաշխարհը՝ բնիկ հողին մէկ մասին շուրջ, եւ հազարամեայ եւ ուժական (dynamic) Արեւմտեան Հայաշխարհը անոր արեւմուտքը եւ հարաւը: Մատենաշարին երրորդ հատորը քննական ընդարձակ յառաջաբան մըն է Արեւմտեան Հայաշխարհին տակաւին անգիր ամբողջական պատմութեան (Prolegomenon to the History of the Western Armenian World)։
Գրեթէ ուշադրութենէ վրիպած է պատմականօրէն հիմնաւորուած այն իրողութիւնը թէ արդէն 10րդ դարու վերջաւորութեան եւ անշուշտ հայ թագաւորութիւններու վերջնական անկումով՝ 1045ին, մասնաւորաբար Հայաստանը իրեն կցելու բիւզանդական կայսերական ծրագրին հետեւանքով, Հայոց Աշխարհը սկսած էր բաժնուիլ: Տասնըմէկերորդ դարուն զանգուածային գաղթերով դէպի արեւմուտք եւ հարաւ, միաժամանակ ղուզ-սելճուք թրքական ցեղերու արագ թափանցումով պարպուեցաւ բնիկ հողը եւ յառաջացաւ հայկական նոր բնակավայր մը՝ Habitat/Ecumene, որ արեւելեանէն շատ աւելի ծաւալուն էր եւ դիրքով ուղղակիօրէն միջնաշխարհեան (mesopolitan, meso-poleis), այսինքն զանազան պետութիւններու եւ ազգերու միջեւ: Չկար կեդրոն եւ շրջամաս:
Յստակ կերպով գոնէ հազարամեակէ մը ի վեր երկու հայաշխարհները կը գտնուին տարբեր կացութիւններու մէջ եւ եղափոխութեան տարբեր ազդակներու ենթակայ: Ուրեմն «կեդրոնի եւ շրջամասի» յարացոյցը չունի պատմական հիմեր: Իսկ հայրենիք-Սփիւռք տարազումը Պաղ պատերազմի անմիջական հետեւանքներէն էր: Պարզապէս, կայ մէ՛կ ազգ, երկու տարբեր հայաշխարհներու մէջ:
Կացութիւնը բնականաբար զարգացուցած է իր յարակից հարցերը: Առաջինն է՝ ներքին բաժանում եւ հակամարտութիւն իւրաքանչիւր աշխարհին մէջ եւ երկուքին միջեւ: Երկու հայաշխարհներու միջեւ տարբերութիւնները անխուսափելի էին աշխարհի ամէնէն անկայուն ու փոթորկոտ շրջանին մէջ եւ մրցակից ուժերու միջեւ: Յաճախ անտեսուած է այն իրողութիւնը թէ 7րդ դարէն ետք, բացի Կիլիկիայէն, հայոց մեծամասնութիւնը կը գտնուէր իսլամակա՛ն աշխարհին մէջ: Ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչը կրօնական պետն էր: Իսլամական աշխարհին մէջ հայոց կացութեան պատմագիտական եւ աղբիւրագիտական ուսումնասիրութիւնը տակաւին նախնական է եւ հիմնուած նեղ, հայակեդրոն ենթադրութիւններու եւ պատումներու վրայ: Հիմնական խնդիրը ան է, որ բոլոր պարագաներուն՝ Եկեղեցին եւ կաթողիկոսները մաս կը կազմէին քաղաքական-դիւանագիտական գործընթացին (process): Դաշնագիրները յաճախ կը կնքուէին կաթողիկոսներու հետ, ինչպէս Սահակ Գ. Ձորափորեցիի, Յովհան Գ. Օձնեցի, եւ հոսկէ՝ Եկեղեցիի քաղաքական պատմութեան կարեւորութիւնը:
Հայկական Կիլիկիոյ երեւոյթը իր պատմագիտական բացատրութիւնը կը գտնէ Արեւմտեան Հայաշխարհի յարացոյցին եւ մասնաւորաբար՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Հայկական Միջնարարին (The Armenian Intermezzo in the Near Eastern World) մէջ:
10րդ դարէն մինչեւ 12րդին միջեւ մօտ երկու հարիւր տարուան միջոցն է այս «միջնարարը», այսինքն հայ թագաւորութիւններու տկարացումէն ապա անկումէն մինչեւ Կիլիկիոյ մէջ թագաւորութեան մը հաստատումը 1198/9ին: Հակառակ կարծուածին, հիւսիսային Եփրատէն, Կապադովկիա, Հիւսիսային Միջագետք, Շամ, Պաղեստին եւ Եգիտպոս՝ հայ քաղաքական ներուժի եւ գործունէութեան ամէնէն աշխոյժ եւ կարեւոր դաշտը եւ շրջանն է ասիկա: Դժբախտաբար սակայն, անիկա բոլորովին անտեսուած եւ փոքրացած է միայն այսպէս կոչուած «Կիլիկեան պատմութեան» մը շուրջ:
Կիլիկիան ոչ միայն մաս մը՝ այլ նա՛եւ ուրիշ հետեւանքներու կարգին, հետեւա՛նք մըն է այս միջնարարին: Անիկա ոչ թէ աստուածային պարգեւ մը կամ դիւցազնական դրուագ մըն է, այլ իսկական միջնաշխարհեան երեւոյթ մը, եւ ամէնէն երկարատեւ քաղաքական միաւորը (body politic) Արեւմտեան Հայաշխարհի պատմութեան մէջ, քրիստոնեայ արեւմուտքին եւ իսլամ արեւելքին միջեւ:
Հայկական միջնարարին երկու դարերուն ընթացքին տարբեր եւ բազմաթիւ հայ ուժերու, դէմքերու եւ ուղղութիւններու, ներառեալ կիլիկեցիներու «ռէալփոլիթիք»ը, ստեղծեց փոքր եւ մեծ քաղաքական-զինուորական իշխանութիւններ Արեւմտեան Հայաշխարհին տարածքին, Փիլարտոսի Մարաշի շուրջ իշխանապետութենէն մինչեւ Եգիպտոսի Հայկական Դարը, եւ Պաղեստինի Աւագեան իշխանապետութիւնը: Պատմագիտական նորութիւնը ան է որ Ռուբինեան Կիլիկիան մէ՛կն էր այս երեւոյթներէն, շրջապատուած քաղկեդոնական բիւզանդացիներով, սելճուք թուրքերով, լատին խաչակիրներով, սիւննի այյուպիականներով, ապա մոնկոլներով եւ մամլուքներով:
Կիլիկիայով պաշտօնապէս սկիզբը դրուեցաւ Արեւմտեան Հայաշխարհին օտար հողի վրայ գոյատեւելու դժուարին ճամբուն: Այսօր, հազարաւոր մղոններ անդին, տակաւին կը քալենք այդ ճամբուն վրայ:
Մատենաշարի հեղինակը կը ներկայացնէ նաեւ այլ նոր տեսութիւն մը. յաճախ կը խօսուի եւ կը գրուի իններորդէն տասնըմէկերորդ դարերու ընթացքին հայոց Թագաւորական Շրջանին (Age of Kingdoms) մասին, իբրեւ թէ անիկա ըլլար միակը եւ վերջինը: Կայ նաեւ, եւ իբրեւ հետեւանք Հայկական Միջնարարին, երկրորդ շրջան մը, զոր հեղինակը կը կոչէ «Թագաւորական Եռանկիւնը» կամ «Հայոց Երկրորդ Թագաւորական Շրջանը» (The Dynastic Triangle or the Second Age of Kingdoms): Ասոնք են՝ Կիլիկիան, Երզնկայի իշխանապետութիւնը եւ Անիի վրացական-հայկական Զաքարեանները (Cilicia, the City State of Erznka/Erzinjān, and the Georgian-Armenian Zakarians at Ani).
Արեւմտահայ եւ Արեւելահայ Հայաշխարհներու յարաբերութիւնը իր կարգին պէտք է որ ըլլայ նիւթ առարկայական եւ քննական պատմագիտութեան: Չէ եղած այդ աշխատանքը: Պատճառներուն մասին հեղինակը կ՛անդրադառնայ մատենաշարին մէջ: Զարգանալով բոլորովին տարբեր աշխարհագրական, քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային աշխարհներու մէջ, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաշխարհները անպայմանօրէն պիտի ըլլային տարբեր: Տարակարծութիւնները անխուսափելի էին, երբեմն ուժգին բայց միշտ հասկնալի եւ բացատրելի: Ցաւօք, այդ չէ հանրային կարծիքը:
Արեւմտեան Հայաշխարհին մէջ պայմանները իսկապէս միջնաշխարհեան էին եւ անոնց հետեւանքով մշակոյթը բոլորովին տարբեր: Արդէն տասնըմէկերորդ դարուն երբ տարագիր ժողովուրդը, իր աւատապետական իշխանութիւնները եւ կաթողիկոսութիւնը կը փորձէին գտնել նուազագոյն ապահովութիւն եւ մնայուն տեղ՝ բոլորն ալ արդէն մօտիկ փոխյարաբերութիւններու մէջ էին տեղական ժողովուրդներուն եւ իշխանութիւններու հետ: Հետեւաբար Արեւմտեան կողմը աւելի ազատամիտ եւ գործնապաշտ (pragmatic) մշակոյթի մը յառաջացումը ոչ միայն բնական այլ անհրաժեշտ էր, առնուազն գոյատեւելու համար: Այս կացութիւնն էր որ յառաջացուց Հայ Մշակոյթի Արծաթէ Դարը 12րդ դարուն, որուն յաջորդեց տեսակ մը նախա-Վերածնունդ (Proto-Awakening) յաջորդ դարերուն ընթացքին մինչեւ Միջին Դարերու աւարտը: Իրողապէս, Կիլիկիոյ մէջ էր որ Նարեկացիին յեղափոխական միտքերը եւ նոր գրականութիւնը հասկցուեցաւ եւ ազատագրուեցաւ: Միակ օրինակ մը հասաւ Շնորհալիին, որ Լամբրոնացիին հանճարեղ միջամտութեամբ եւ Գրիգոր Սկեւռացիին արուեստով եղաւ առաջին, շքեղ եւ միակ «Մատեան Ողբերգութեան»ը: Արծաթէ Դարու ազատամիտ ոգին մոռացութենէ փրկեց հայ մշակոյթի մեծագոյն դէմքերէն ու երեւոյթներէն մէկը: Այս մասին բաւական երկար հատուածներ կան երրորդ հատորին մէջ:
Prolegomenon կը նշանակէ քննական-վերլուծական ներածական, ոչ թէ պարզ յառաջաբան: Պատմական մանրամասն փաստարկներով, երրորդ հատորը կը վերբերէ նո՛ր Հայաշխարհի մը metamorphosis-ը, կամ զանցակերպումը ու ժողովուրդին ընկերային, քաղաքական, մշակութային եղափոխութիւնը իր հողէն դուրս, եւ արտօրինակ գոյատեւումը (persistence): Հատորը կանգ կ՛առնէ Միջին Դարերու վերջաւորութեան՝ 15րդ դարուն, երբ արդէն Վերածնունդի սերմերը սկսած էին ծաղկիլ 12րդ դարու մշակոյթին «Արծաթէ դար»էն ետք Կիլիկիա եւ անոր իբրեւ հետեւանք:
Prolegomenon-ին մէջ կայ փոքր գլուխ մը «1441ի Շարժումին»՝ Էջմիածնի աթոռին հաստատումին մասին տարբեր վերլուծումի մը նուիրուած:
Հայկական Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք՝ 1375ին, Օսմանեան ապա Սաֆավիտ շրջանները բոլորովին տարբեր նիւթեր են, տարբեր ուսումնասիրութեան մը համար:
ՊԱՏՄԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՏՄԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՈԳԵԽՈՒԶՈՒՄ
Որեւէ ընթերցող, մատենաշարը, նաեւ հեղինակին գործերուն կարեւոր մէկ մասը պիտի նկատէ պատմութեան կամ history-ի գիրքեր: Սխալ: Ճիշդ է որ պատմագիտական մեթոտները եւ համապատասխան նիւթերը կը գործածուին անպայմանօրէն, սակայն ընթացիկ ժողովրդական առումով «պատմութեան գիրքեր» չեն անոնք, այլ՝ պատմափիլիսոփայական, քննական եւ միջմարզային գրականութիւն: Կիզակէտն է՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայոց պատմական փորձառութեան եւ «հայ ըլլալու վիճակ»ին (the Armenian condition) վերլուծումը:
Պատմագիտութիւնը տարբեր է պատմագրութենէն, որ կը զբաղի դէպքերու ստուգումով եւ պատումով: Իսկ պատմագիտութիւնը դէպքերու փիլիսոփայական-քննական-քննադատական վերլուծումը եւ գրուած նիւթերուն եւ մեկնաբանութիւններու վերարժեւորումն է: Անիկա ուրեմն պատմութեան վեր-ա-գրումն է (re-writing of history) հիմնուած նո՛ր տեղեկութիւններու, եւ յարաբերութիւններու ստուգումին եւ քննական մեկնաբանութիւններու վրայ: Այն նոր բացատրութիւնները եւ պատկերները զորս պատմագիտական ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնեն, պէտք է նաեւ փոխանցեն նոր եւ աւելի խոր իմաստներ ներկա՛յ-ապրուա՛ծ իրականութեան: Հոս է անոնց գոյապաշտական նշանականութիւնը (existential dimension, relevance)։ Երբ պատմագիտութեան նպատակը կ՛ըլլայ անհատական եւ հաւաքական գոյութեան վերլուծումը-հասկացողութիւնը ‒ ինչպէս այս պարագային – անիկա կը զանցէ իր սահմանները եւ կ՛ըլլայ Պատմազանցութիւն կամ Meta-Historiography: Տարբեր եւ աւելի ընթացիկ արտայայտութեամբ՝ անիկա անհատական եւ հաւաքական հոգեխուզում է (individual and collective soul-searching):
Հոգեխուզումը բուռն ներհայեցողութիւն (introspection) եւ վերարժեւորում է ամէն բանի: Անիկա կ՛անդրանցնի ընդունուած պատումները եւ իմացքները (introspection and assessment that goes beyond the level of just facts) եւ կը փորձէ հասկնալ սեփական էութեան բնոյթը, թէ ուրկէ՞ կու գայ եւ ու՞ր կը դիմէ, կամ պէտք է որ ուղղուի: Սեփական պատմութեան ճիշդ եւ ամբողջական հասկացողութիւնը ուրեմն հոգեխուզում է: Այսպէս, հոզեխուզում է գրել սեփական պատմութիւնը, որ կը նշանակէ ըլլալ ինքնագիտակից եւ մանաւանդ պարկեշտ՝ ընդունելու համար սխալներ եւ քաջ՝ փոխուելու համար: