image
Հրատապ լուրեր:

Թիրախէն անդին. Պէյրութի հարուածը կը խախտէ Լիբանանի ներքին նուրբ հաւասարակշռութիւնը. (Լուսանկարին մէջ, երէկ Լիբանանի մէջ զոհուած Փիէռ Մուաուատն է)

 Թիրախէն անդին. Պէյրութի հարուածը կը խախտէ Լիբանանի ներքին  նուրբ հաւասարակշռութիւնը. (Լուսանկարին մէջ, երէկ Լիբանանի մէջ զոհուած  Փիէռ  Մուաուատն է)

Լիբանանի ներքին ու տարածաշրջանային լարուածութեան արդէն իսկ բարդ պատկերը նոր, մտահոգիչ զարգացում մը ստացաւ, երբ Պէյրութի արեւելեան մերձակայքին մէջ արձանագրուեցաւ վտանգաւոր միջադէպ մը։ Վերջին շրջանին բազմապատկուած իսրայէլեան հարուածներուն շարքին մէջ այս դէպքը կը տարբերի իր հետեւանքներով, որովհետեւ ան ուղղակիօրէն առնչուեցաւ երկրի ներքին քաղաքական դաշտին եւ յատկապէս քրիստոնէական հիմնական ուժերէն մէկուն՝ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան։

Դէպքը, որ տեղի ունեցաւ Այն Սըհատէ շրջանին մէջ, ոչ միայն մարդկային կորուստներ պատճառեց, այլ նաեւ վտանգաւոր հարցադրումներ բարձրացուց՝ թէ արդեօք Լիբանանը կը մտնէ՞ ներքին նոր անկայունութեան փուլ մը։ Յատկապէս այն հանգամանքը, որ զոհ դարձաւ կուսակցական պատասխանատու մը, կը խորացնէ մտավախութիւնը, թէ նման զարգացումները կրնան վերածուիլ ներքաղաքական լարուածութեան նոր ալիքի։Այս համատեքստին մէջ, լրագրող Սագօ Արեան իր գրառմամբ կը ներկայացնէ դէպքին մանրամասները եւ կը զգուշացնէ հնարաւոր հետեւանքներուն մասին, ընդգծելով, որ յառաջիկայ օրերուն շատ բան կախեալ պիտի ըլլայ ներլիբանանեան ուժերու արձագանգէն եւ քաղաքական որոշումներէն։

 

  Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

‼️‼️‼️‼️🇱🇧Ուրեմն երէկ օրուայ աւարտին բաւական մտահոգիչ դէպք մը գրանցուեցաւ Պէյրութի մերձ գտնուող «Այն Սըհատէ» շրջանին մէջ։

 

Իսրայէլ հերթականին պէս կը փորձէր իր ընտրած թիրախը հարուածել, սակայն այս անգամ շրջանէն խոյս տուած «թիրախ»ին փոխարէն զոհուեցաւ «Լիբանանեան ուժեր» քրիստոնէական կուսակցութեան պատասխանատու մը իր կնոջ հետ:

 

Փիէռ Մուաուատ է զոհուածին անունը, որ կը ղեկավարէր Եահշուշ շրջանի կուսակցութեան գրասենեակը։

 

Զարգացումը աննախադէպ է, որովհետեւ այս կերպ կրնայ լրջօրէն պատճառ հանդիսանալ ներքին խլրտումներու ու քաղաքացիական նոր մակարդակի պոռթկումներուն, որուն մասին շատ-շատեր երկար ատենէ ի վեր կը խօսին։

Չեմ ուզեմ մանրամասնել, թէ ինչ սենարիոներ կրնան «ծագիլ« սակայն յստակ է, որ այս փուլին երկրի գլխաւոր Քրիստոնեայ ուժէն ՝ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնէն ու անոր ղեկավար մարմիններու քայլերէն շատ բան կախեալ է։

 

Ահա լուրը մանրամասն ՝

 

🟠❗️🇱🇧🇮🇱 Պէյրութի արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող Այն Սըհատէ շրջանին մէջ Իսրայէլեան օդային հարուած մը թիրախ դարձուցած է բնակարան մը, ինչ որ պատճառ դարձած է զոհերու եւ վիրաւորներու։

Փրկարարական խումբերը շարունակած են իրենց աշխատանքները՝ աւերակներուն տակէն զոհեր եւ վիրաւորներ դուրս բերելու նպատակով։

Հարուածին հետեւանքով զոհուած է է «Եահշուշ» շրջանի «Լիբանանեան Ուժեր» կուսակցութեան կեդրոնի ղեկավար Փիեռ Մաուատ, որ իր ընտանիքին հետ կը բնակէր թիրախ դարձած շէնքին մէջ։

Մինչ այժմ յստակ չէ, թէ ո՛վ էր հարուածին հիմնական թիրախը։

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը յայտնած է, թէ Արեւելեան Պէյրութի մէջ կատարուածը սպանութեան փորձ մըն էր, նշելով նաեւ, որ ծովային ուժերու պատկանող նաւ մը հարուածած է բնակարանը։