image
Հրատապ լուրեր:

Իրաքի խորհրդարանը Նիզար Ամիտին ընտրած է երկրի նոր նախագահ

Իրաքի խորհրդարանը Նիզար Ամիտին ընտրած է երկրի նոր նախագահ

 

Իրաքի Ներկայացուցիչներու խորհուրդը քուէարկութեամբ «Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութիւն» կուսակցութեան թեկնածու Նիզար Ամիտին ընտրած է նոր նախագահ։ Այս մասին հաղորդած է իրաքեան INA գործակալութիւնը։

 

Ըստ տուեալներուն՝ անոր թեկնածութեան օգտին քուէարկած է 227 պատգամաւոր, մինչ երկրորդ թեկնածուն՝ Մութաննա Նատիրը, ստացած է 15 ձայն, իսկ 7 քուէաթերթիկ նկատուած է անվաւեր։

57-ամեայ Ամիտին 2022-2024 թուականներուն զբաղցուցած է Իրաքի շրջակայ միջավայրի նախարարի պաշտօնը եւ աւելի քան 15 տարի աշխատած է երկրի նախագահի աշխատակազմին մէջ՝ որպէս աւագ խորհրդական եւ նախագահական գրասենեակի ղեկավար։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ երկրի գործող նախագահ Ապտել Լաթիֆ Ռաշիտը որոշում կայացուցած է դուրս գալ նախագահական մրցապայքարէն։ Խորհրդարանի խօսնակ Հայպաթ ալ-Հալպուսի յայտարարած է անոր անունը թեկնածուներու ցուցակէն հանելու մասին։

Այդպիսով, նախագահի թեկնածուներուն թիւը եղած է՝ 16։