Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեան իր գրառմամբ կը վերահաստատէ, որ իր քահանայական ուխտը ուղղուած է միայն Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին եւ Սուրբ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին ծառայելուն, ոչ թէ քաղաքական ուժերու կամ գաղափարախօսութիւններու։
Ան կը շեշտէ, թէ իր հաւատարմութիւնը կը պատկանի Հայ Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աթոռին, եւ կը մերժէ Եկեղեցւոյ քաղաքականացումն ու աշխարհիկ հակամարտութիւններու գործիք դառնալը։
Սրբազանը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի՝ բժշկական քննութիւններու համար, շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ցուցաբերուած հոգատարութեան համար, միաժամանակ դատապարտելով իր բացակայութեան շահարկումը եւ ապատեղեկատուութիւնը։
Անդրադառնալով Եկեղեցի–իշխանութիւն լարուածութեան, ան կը նշէ, որ վիճակը ծանր բեռ է եկեղեցականներուն համար, սակայն կը հրաւիրէ հաւատացեալները՝ մնալու հաստատուն, աղօթքի մէջ եւ վստահելու, որ Եկեղեցին պիտի յաղթահարէ նաեւ այս փորձութիւնը։
Ստորեւ իր ամբողջութեանը մէջ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Տ. Վահան Եպս. Յովհաննիսեանի դիմատետրեան էջի գրառումը։
Սիրելի՛ բարեկամներ եւ Սուրբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներ,
Խորապէս յուզուած եմ իմ առողջութեան եւ Միացեալ Նահանգներ ներկայ գտնուելուս առիթով ձեր ցուցաբերած սիրոյն ու հոգատարութեան համար, որ արտայայտուեցաւ ձեր նամակներով, հաղորդագրութիւններով, հեռաձայններով եւ անձամբ ունեցած զրոյցներով։ Թէեւ հոս կը գտնուիմ անհրաժեշտ բժշկական քննութիւններու համար եւ կը զգամ Տիրոջ զօրացուցիչ ձեռքը վրաս, տեղեակ եմ, որ ոմանք փորձած են այս կարճ բացակայութիւնը օգտագործել՝ շփոթ եւ անհիմն լուրեր տարածելու համար։ Անոնց կը մատուցանեմ իմ աղօթքներս, իսկ ձեզի՝ իմ սրտագին եւ անկեղծ շնորհակալութիւնը։
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մեր ազգը եւ Եկեղեցին կը դիմագրաւեն խոր փորձութիւններ։ Մայր Աթոռին եւ աշխարհիկ իշխանութիւններուն միջեւ սրացող լարուածութիւնը պարզ «տարաձայնութիւն» մը չէ, այլ բեռ մը, որ ծանր կը կշռէ իւրաքանչիւր ճշմարիտ եկեղեցական ծառայողի սրտին վրայ։ Այս կացութիւնը խորապէս եւ անձնապէս ազդած է նաեւ վրաս։
Քահանայական ու կուսակրօնական ուխտերս չեմ ստանձնած ծառայելու համար որեւէ կուսակցութեան, աշխարհիկ գաղափարախօսութեան կամ ժամանակաւոր իշխանութեան, այլ միայն՝ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին, ինչպէս որ զայն ընդունած, ապրած եւ ուսուցանած է Սուրբ Հայ Առաքելական Եկեղեցին։ Իմ հաւատարմութիւնը ո՛չ քաղաքական հարթակի մը, ո՛չ ալ դաշինքի մը կը պատկանի, այլ՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աթոռին, որ մօտ երկու հազարամեակ է՝ իբրեւ հաւատքի համայնք, կը կրէ իր սրբազան աւանդութիւններն ու ուսուցումները։
Եթէ «քաղաքական» ըլլալը կը նշանակէ պաշտպանել մեր հոգեւոր ժառանգութեան սրբութիւնը եւ մեր ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, ապա կը խոստովանիմ, որ «մեղաւոր» եմ։ Բայց կը մերժեմ, որ Եկեղեցւոյ յաւիտենական առաքելութիւնը նուազեցուի եւ վերածուի աշխարհիկ հակամարտութիւններու գործիքի։ Ես Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոս մըն եմ՝ Եկեղեցի մը, որուն պատրաստ եմ ծառայել մինչեւ վերջին շունչս, եւ որուն համար պատրաստ եմ նոյնիսկ կեանքս ընծայել, ինչպէս մեր նախահայրերը ըրին Աւարայրի դաշտերուն եւ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ։ Սակայն այս Եկեղեցին պէտք չէ նուազեցուի քաղաքական ճակատներու անդամակցութեան՝ այս կամ այն կողմին օգտին։
Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին իր հայրական օրհնութեան համար, որ ինծի թոյլ տուաւ այս ժամանակը յատկացնելու բժշկական քննութիւններուս եւ աղօթքի մէջ պարզութիւն որոնելու։ Կը մնամ Սուրբ Էջմիածնի եղբայրակցութեան խոնարհ անդամը եւ Սուրբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայ ու եպիսկոպոսը՝ ամբողջովին նուիրուած մեր առաքելութեան։
Կարդացած եմ ձեր խնդրանքները՝ անձնական անդրադարձ մը ներկայացնելու ներկայ իրավիճակին մասին։ Կը խոստանամ, որ շատ շուտով աւելի մանրամասն մտորումներ պիտի բաժնեմ ձեզի հետ մեր ընթացիկ ուղիին վերաբերեալ։ Մինչ այդ, մնանք հաստատուն։ Եկեղեցին գոյատեւած է կայսրութիւններու անկումէն ետք եւ վերապրած ։ Ան պիտի յաղթահարէ այս փուլը եւս, եթէ մեր սրտերը բաց պահենք Աստուծոյ շնորհքին։ Հետեւելով մեր Տիրոջ ուսուցանած Յամառ Այրիին օրինակին (Ղուկաս 18․1-8), որ անցեալ կիրակիի թեման էր, շարունակենք յարատեւել աղօթքի մէջ։
Աղօթական սիրով՝
Վահան Սրբազան