image

Իսլամապատի մէջ բանակցութիւնները տեւած են 24 ժամ․ ամերիկեան կողմը չէ կրցած շահիլ Թեհրանի վստահութիւնը

Իսլամապատի մէջ բանակցութիւնները տեւած են 24 ժամ․ ամերիկեան կողմը չէ կրցած շահիլ Թեհրանի վստահութիւնը

 

Իսլամապատի մէջ բանակցութիւնները տեւած են 24 ժամ։ Այս մասին յայտնած է Իրանի ԱԳՆ խօսնակ Իսմայիլ Պաղայի։

 

«Բանակցային հարցերը կը վերաբերին Հորմուզի նեղուցին, միջուկային հարցին, պատերազմի փոխհատուցումներուն, պատժամիջոցներու վերացման, ինչպէս նաեւ Իրանի դէմ եւ տարածաշրջանին մէջ պատերազմի լիակատար դադրեցման»,– նշած է ան։

Իրան բանակցութիւններու ընթացքին առաջ քաշած է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ որոշ նախաձեռնութիւններ, սակայն ամերիկեան կողմը չէ կրցած շահիլ Թեհրանի վստահութիւնը։ Այս մասին ըսած է իրանական պատուիրակութեան ղեկավար Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը։

«Բանակցութիւններէն առաջ շեշտած էի, որ ունինք անհրաժեշտ պարտաճանաչութիւն եւ կամք, սակայն նախորդ երկու պատերազմներու փորձին պատճառով վստահութիւն չունինք հակամարտող կողմին նկատմամբ»,– գրած է ԻԻՀ խորհրդարանի խօսնակը իր X-ի էջին վրայ։

Թեհրան դիւանագիտութիւնը, ռազմական պայքարին զուգահեռ, կը նկատէ որպէս իրանական ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան միջոց եւ պիտի չդադրեցնէ ազգային պաշտպանութեան քառասուն օրուան ձեռքբերումները ամրապնդելու ջանքերը։

Աւելի վաղ ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս յայտարարած էր, որ կողմերը ունեցած են շարք մը էական քննարկումներ, սակայն բանակցութիւններու արդիւնքով համաձայնութիւն չէ գոյացած։