image

Աթէնք. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեան ընդունեց Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Միխալիս Լիվանոսը

Աթէնք. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեան ընդունեց Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Միխալիս Լիվանոսը

Աթէնքի Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Միխալիս Լիվանոսի հետ՝ Սփիւռքի յանձնակատար Միսակ Յովսէփեանի ուղեկցութեամբ։
Քննարկուեցան հայ համայնքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը Յունաստանի մէջ։
Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-յունական բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն։

Ստորեւ այդ մասին Սրբազան Հօր կատարած գրառումը՝

Այսօր առաջնորդարանին մէջ ընդունեցի Յունաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր, դոկտոր Միխալիս Լիվանոսը՝ ուղեկցութեամբ Յունաստանի մէջ Սփիւռքի յանձնակատար պարոն Միսակ Յովսէփեանի։

Հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ։ Քննարկուեցան հայ համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը Յունաստանի մէջ եւ անոր դերակատարութիւնը համայնքային, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ։

Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-յունական բարեկամական կապերու ամրապնդման կարեւորութեան՝ ընդգծելով երկուստեք պատրաստակամութիւնը շարունակելու եւ խորացնելու փոխգործակցութիւնը՝ ի նպաստ մեր ժողովուրդներու բարօրութեան։

Վերջաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնեցի յարգարժան հիւրերուն այցելութեան համար՝ մաղթելով արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ յաջողութիւններ իրենց պատասխանատու առաքելութեան մէջ։