Իրանցիները լաւ մարտիկներ են, անոնք շատ կոփուած ժողովուրդ են, յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։
«Թշնամին այնքան ուժեղ չէ, որքան մէկ ամիս առաջ էր։ Անոնք հիմա ընդհանրապէս ուժեղ չեն»,– ըսած է ԱՄՆ նախագահը։
Ան նշած է, որ Թեհրանը Ուաշինկթընին «կարեւոր առաջարկ» ըրած է՝ հակամարտութիւնը դադրեցնելու համար, սակայն ԱՄՆ-ն զայն բաւարար չի համարեր։
«Մենք կրնանք այս պահուն իսկ հեռանալ Իրանէն, բայց ես կ՚ուզեմ այս գործը աւարտին հասցնել»։
Թրամփը հերքած է տեղեկութիւնները, որ կը քննարկուին 45-օրեայ հրադադար հաստատելու մանրամասնութիւնները։
«Ո՞վ կը խօսի 45 օրուան մասին։ Միակ մարդը, որ պիտի հաստատէ հրադադար, ես եմ։ Իսկ ես որեւէ հրադադար չեմ հաստատած»,– աւելցուցած է ան։