Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով Սուրիոյ մէջ Հայ Աւետարանական համայնքը արժանացաւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու այցելութեան՝ տօնական շնորհաւորութիւններու եւ բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ։
Այդ մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը
Կիրակի, 5 Ապրիլ 2026-ին, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանն ու Համայնքային ժողովը, Յարութեան պաշտամունքէն ետք, Համայնքապետարանի դահլիճին մէջ ընդունեցին շնորհաւորական այցելութիւններ։
Ներկայ եղան Հալէպի նահանգապետը եւ պետական աւագանիի ներկայացուցիչներ, Հալէպի քրիստոնեայ համայնքներու պատուիրակութիւններ, համայնքի կրթական հաստատութիւններու անձնակազմեր, ինչպէս նաեւ հալէպահայ բարեսիրական եւ մշակութային միութիւններու ու հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ժողովուրդը եւս իր ներկայութեամբ փոխանցեց իր ջերմ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները։
Այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մեր համայնքն ու ամբողջ սուրիական իրականութիւնը կը շարունակեն դիմագրաւել բազմաբնոյթ դժուարութիւններ։ Այնուամենայնիւ, նման առիթները կը վերանորոգեն յարաբերութիւնները, կը զօրացնեն համերաշխութիւնը եւ կը վերահաստատեն մեր միասնական կամքը՝ տոկալու եւ յառաջանալու։
Համայնքապետ Վերապատուելին այս առիթով մաղթեց, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութիւնը խաղաղութիւն, յոյս եւ նորոգութիւն պարգեւէ համայն մարդկութեան եւ ի մասնաւորի սուրիական հայրենիքին, որպէսզի այս փորձառու ժամանակներուն մէջ մարդիկ վերագտնեն վստահութիւնը, համբերութիւնը եւ ապագայի հանդէպ յոյսը։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, վերահաստատելով փոխադարձ յարգանքն ու համագործակցութեան ոգին։ Թող Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան լոյսը շարունակէ առաջնորդել մեր ժողովուրդը դէպի խաղաղ եւ ապահով վաղուան։





