image

Հանրապետութեան մէջ կը սպասուին տեղումներ. օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի 5-7 աստիճանով

Հանրապետութեան մէջ կը սպասուին տեղումներ. օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի 5-7 աստիճանով

Հիւսիս-արեւելքէն ցուրտ օդային հոսանքներու ներթափանցմամբ պայմանաւորուած՝ ապրիլ 13-ին ողջ հանրապետութեան մէջ կը սպասուին տեղումներ․ լեռնային եւ բոլոր նախալեռնային շրջաններուն մէջ ձիւնի տեսքով։ Լեռնային շրջաններուն մէջ կը սպասուի նաեւ բուք, ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն, առանձին ճանապարհներուն՝ նաեւ մերկասառոյց։

Տաւուշի եւ Սիւնիքի հովիտներուն մէջ, այդ շարքին նաեւ Արարատեան դաշտին մէջ առաջիկայ օրերուն ցրտահարութիւն չի կանխատեսուիր։

Հանրապետութեան տարածքին մէջ ապրիլ 12-ի ցերեկը, 13-ին ժամանակ առ ժամանակ շրջաններու զգալի մասին մէջ, 14-ին առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուին տեղումներ. առանձին վայրերու մէջ՝ առատ։ Տեղումները ապրիլ 13-ին լեռնային եւ բոլոր նախալեռնային գօտիներուն մէջ կը դիտուին ձիւն, հովտային գօտիներուն մէջ՝ անձրեւի տեսքով։ Առանձին վայրերու մէջ կը սպասուի ամպրոպ։ Ապրիլ 15-17-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։

Քամին` հարաւարեւմտեան` 2-5 մ/վ:

Օդի ջերմաստիճանը ապրիլ 13-ի ցերեկը եւ 14-ի գիշերը պիտի նուազի 5-7 աստիճանով, ապրիլ 15-17-ը յատկապէս ցերեկային ժամերուն աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 9-13 աստիճանով։

Երեւան քաղաքին մէջ ապրիլ 12-ի ցերեկը, 13-ին ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուին տեղումներ․ քաղաքի բարձրադիր հատուածներուն մէջ ձիւնախառն անձրեւ, ցածրադիր հատուածներուն մէջ՝ անձրեւի տեսքով, հնարաւոր է նաեւ ամպրոպ։

Ապրիլ 14-ին հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ։

Ապրիլ 15-17-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։