image

Լիբանանէն Սուրիա ապօրինի սահմանահատումը կը շարունակուի. Ձերբակալութեան նոր լուրեր

Լիբանանէն Սուրիա ապօրինի սահմանահատումը կը շարունակուի. Ձերբակալութեան նոր լուրեր

Լիբանանի ներքին անվտանգութեան ուժերու կողմէ յայտարարութիւն մը հրապարակուած է, ուր նշուած է, թէ հետախուզական աշխատանքներու արդիւնքով երկու սուրիացի ձերբակալուած է, որոնք կը մեղադրուին Լիբանանէն Սուրիա ապօրինի սահմանահատումներ կազմակերպելու մէջ:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին համաձայն, վերջիններուս ուղեկցող 163 անձը նոյնպէս ձերբակալուած է, ապօրինի սահմանահատման փորձ կատարելու մեղադրանքով:

Ձերբակալուածներուն 86-ը տղամարդ էին, 40-ը՝ կին, իսկ 37-ը՝ երեխայ:

Աղբիւրին փոխացմամբ, երկու սուրիացի օրինախախտներէն մէկուն մօտ ատրճանակ յայտնաբերուած է:

Ձերբակալուած անձերն ու առգրաւուած իրերը յանձնուած են իրաւասու մարմիններուն: