image

Հանգիստ՝ Գարեգին արք. Պէքճեանի

 Հանգիստ՝ Գարեգին արք. Պէքճեանի

Պոլսոյ Հայոց Միաբանութեան ծոցին մէջ հասակ առած ու ապա Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եպիսկոպոսական Դասուն մաս կազմած Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ երիցագոյն անդամներէն՝ Գերշ. Տ. Գարեգին արք. Պէքճեան իր աչքերը յաւերժին փակած է երէկ 21 Նոյեմբեր 2024-ին, իր սիրելի ծննդավայրին ՝Պոլսոյ մէջ։

Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ սիրելի հոգեւորականին հակիրճ մահագրականը։

 

Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան իր հոգին աւանդեց 21 Նոյեմբեր 2024, Հինգշաբթի, վաղ առաւօտուն Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի երդիքին տակ։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը այս առաւօտ գրութեամբ տեղեկացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին։

Սրբազան Հօր մարմինը, ձեռամբ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի, փոխադրուած է Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի։ Օծման եւ յուղարկաւորութեան արարողութեանց թուականի մասին կը հաղորդուի յետագային։

*

Հանգուցեալ Սրբազան Հայրը ծնած է 1942ին, Ստանպուլ։ Աւազանի անունով Տիգրան։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Պոլսոյ Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանի մէջ։ Ապա ուսումը կը շարունակէ յաճախելով Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքի մէջ: 1963ին կը ձեռնադրուի սարկաւագ՝ ձեռամբ Երանաշնորհ Տ. Շնորհք Պատրիարքի, որ 1965ին կը ձեռնադրէ կուսակրօն քահանայ, վերակոչելով Գարեգին Աբեղայ։

Ստանպուլի համալսարանի մէջ բարձրագոյն ուսման կը հետեւի եւ կատարելագործելու համար կը մեկնի Գերմանիա, աշակերտելով Պօննի եւ Պօխումի համալսարաններուն մէջ։ Մասնաւոր վարդապետութեան 4 աստիճանները կը ստանայ 1970-ին ձեռամբ Հոգեւոր Ծնողին։ Իսկ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները կը ստանայ 1992ին Գերմանիոյ մէջ, ձեռամբ Երանաշնորհ Տ. Գարեգին Բ. Պատրիարքի։ Նոյն տարին Երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս։ Արքութեան պատիւը կը ստանայ 1998ին, ձեռամբ Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։

Որպէս հոգեւորական ունեցած է բեղուն ծառայութիւններ։ Ֆրանսայի մէջ ծառայած է որպէս հոգեւոր հովիւ 1973-1976 թուականներուն Մարսէյլի Ս. Կարապետ, իսկ 1976-1994 տարիներուն նոյն քաղաքի Սրբոց Թարգմանչաց Մայր եկեղեցիներուն մէջ։ 

1992-2018 տարիներուն եղած է Գերմանիոյ Հայոց նորահաստատ թեմի առաջին առաջնորդը: 2014-2019 անդամաակցած է Գերագոյն Հոգևոր Խորհուրդի։ 2017-2019 տարիներուն գտնուած է Պոլիս, որպէս Պատրիարքական Տեղապահ:

Հանգուցեալ Սրբազան Հայրը արժանացած էր Սուրբ Ներսէս Շնորհալի շքանշանի՝ ձեռամբ Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։