image

Հալէպի մէջ. Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագ պիտի չմատուցուի 

Հալէպի մէջ. Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագ պիտի չմատուցուի 

Հալէպի մէջ Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագ պիտի չմատուցուի։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Կրօնական Ժողովը։

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է՝

«Մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը տեղեկացնենք, թէ նկատի ունենալով յայտարարուած պարետային ժամը Շաբաթ երեկոյեան ժամը 5։00-էն մինչեւ Կիրակի երեկոյեան ժամը 5։00, վաղը՝ Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2024-ին, Հալէպի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ բացառաբար Սուրբ եւ անմահ Պատարագ պիտի չմատուցուի»։