image

«Անդրանիկ Նալջաճեանի մէջ արդէն իսկ ի ծնէ սերմանուած էր «Մելգոնեանցի» պատուանունը. Տիար Սեպուհ Արմենակեանի դամբանական խօսքը

«Անդրանիկ Նալջաճեանի մէջ արդէն իսկ ի ծնէ սերմանուած էր «Մելգոնեանցի»   պատուանունը. Տիար Սեպուհ Արմենակեանի դամբանական խօսքը

 


Օրերս Նիկոսիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է Կիպրոսի հայկական համայնքի յարգուած անձնաւորութիւններէն՝ Անդրանիկ Նալջաճեան։Հանգուցեալը եղած է Մելգոնեան վարժարանի աշակերտ, վառ սէր ու յարգանք տածելով այդ պատմակերտ Վարժարանի, վարժարանի բարերար եղբայրներուն ու նաեւ վարժարանի տնօրինութիւնը ստանձնած ՀԲԸՄ-ի հանդէպ։Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութեան ժամանակ յաւուր պատշաճի խօսք մը արտասանած է համայնքային շրջանակներուն կողմէ յարգուած անձնաւորութիւն Տիար Սեպուհ Արմենակեան, որուն կարդացած դամաբանական խօսքը կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Սիրելի Մեգոնեանցիներ եւ սգակիրներ,Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վերաբերեալ եթէ փափաքինք վաւերագրական տեսահոլովակ մը պատրաստել, անկասկած այդ տեսահոլովակին մէջ հանդէս պիտի գար Անդրանիկ Նալջաճեանը։ Տեսահոլովակը անշուշտ պիտի սկսէր սեւ ու ճերմակ նկարներով, ապա գունաւոր, սակայն հակառակ սեւ ու ճերմակ նկարներու վերացման, դարձեալ տեսահոլովակը պիտի աւարտէր սեւ ու ճերմակ նկարներով, յատկանշելու համար հաստատութեան ճակատագրական փակումը։ Նորոգ հանգուցեալին հայրը Կեսարիայէն ներգաղթած էր Կիպրոս։ Երբ Մելգոնեան եղբայրներ բազմաթիւ անգամներ կ՛այցելեն կղզիին Նիկոսիա քաղաքը, Անդրանիկ Նալջաճեանի հայրը ազգականական կապ ունենալով բարերար եղբայրներուն հետ,բնականաբար կը հիւրընկալէ բարերարները իր տան երդիքին տակ եւ ապա անոնց հետ կ՛այցելէ այն ժայռոտ, չոր եւ քաղաքէն դուրս գտնուող տարածքը, ուր պիտի կառուցուէր Մելգոնեան Որբանոցը։Անդրանիկ Նալջաճեանի մէջ արդէն իսկ ի ծնէ սերմանուած էր «Մելգոնեանցի» պատուանունը։ Ան 1948 թուականին կ՛աւարտէ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը եւ կ՛անցնի ոչ միայն կեանքի ասպարէզ այլ նաեւ որպէս «Մելգոնեանցի» մշակ։ Հաղորդական, ընկերային, անձնուէր, ամբողջական պատուական մարդու յատկութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն մըն էր ան։ Կեանքի տեւողութեան յաճախ կը շարունակէ այցելել Մելգոնեան ու իր կապը չխզել, Մելգոնեանի աշակերտներուն հետ։ Այս կապը եւ իր սէրը Մելգոնեանի հանդէպ մենք անձնապէս ականատես եղած ենք։ Տարիներու ընթացքին ան կը շարունակէ իր կապը եւ կ՚ընտրուի Մշակոյթային եւ Ընկերային յանձնախումբի ատենապետ։

Կ՚ամուսնանայ 1963 թուին Ալիս Սարգիսեանի հետ, ներկայիս բռնագրաւեալ Ս․ Աստուածածին եկեղեցիին մէջ, որ կ՚ըլլայ վերջին պսակը, որովհետեւ պսակէն անմիջապէս ետք կը սկսի Յոյն եւ Թուրք համայնքներու միջեւ ռազմական կռիւները։ Հակառակ կղզիին մէջ տիրող տնտեսական ծանր պայմաններուն, ան կը յաղթահարէ կեանքը իր աշխատասէր զոհաբերութեամբ։ Իր երկու զաւակները անկասկած կը յաճախեն Մելգոնեան Հաստատութիւն եւ բնականաբար, տարիներու ընթացքին իր բոլոր ընտանիքի անդամները եւս իր թելադրութեամբ ամէն ձեւով կ՚օժանդակեն Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան աշխատանքներուն ու գոյատեւման։ Մելգոնեանի բակումը մեծ վիշտ կը պատճառէ անշուշտ ոչ միայն իրեն համար այլ բոլորիս։

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հիմնադրութեան օրէն սկսեալ կազմուած օղակ առ օղակ «Մելգոնեանցի» սերունդներու կողմէ կազմուած ոսկիէ շղթան կը կրէ ադամանդներ, ինչպիսին էր Նալջաճեանը։ Ցանկացած շղթային վրայէն ինկած ադամանդ մը կարելի է դարձեալ տեղադրել։ Դժբախտաբար կեանքիշղթայի պարագային նոյնը չէ, սակայն կ՛աղօթենք որ ան արժանանայ երկինքի արքայութեան։ 

Մելգոնեանի շղթային օղակներուն վրայէն ադամանդ մը չիյնար, որովհետեւ միշտ անմար կը մնայ Մելգոնեանի անունը մեր սրտերուն մէջ։

Սիրելի Պրն Նալջաճեան, թէեւ դուն մեկնեցար, բայց Մելգոնեանի գանձարանին մէջ քու լումադ ունեցար։

 Հողը թեթեւ գայ սիրելի Մելգոնեանցի Անդրանիկ Նալջաճեան։