image
Հրատապ լուրեր:

«Կրնան անօրինական համարուիլ». Վրաստանի վարչապետը ընդդիմադիր կուսակցութեանց մասին

«Կրնան անօրինական համարուիլ». Վրաստանի վարչապետը ընդդիմադիր կուսակցութեանց մասին

Վրաստանի իշխանութիւնները կրնան դիմել Սահմանադրական դատարան՝ ընդդիմադիր  կուսակցութիւններն անօրինական ճանչնալու համար. այս մասին, ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ, ըսած է վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէ:

«Անոնք բացայայտօրէն դէմ արտայայտուած են Վրաստանի սահմանադրական համակարգին, ինչն ալ ուղղակի հիմք կը ստեղծէ՝ դիմելու Սահմանադրական դատարան եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները հակասահմանադրական ճանչնալու համար: Տեսնենք՝ ինչպէս պիտի զարգանան գործընթացները: Ամէն ինչ մեր ձեռքին մէջ է»,- ըսած է Քոպախիձէ կառավարութեան նիստին։

Յիշեցնենք, որ 26 հոկտեմբերին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ Վրաստանի մէջ իրավիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ։ Ընդդիմութիւնը կը հրաժարի ընդունելէ ընտրութիւններուն արդիւնքները՝ պահանջելով նոր ընտրութիւններու կայացում։ Ընդդիմադիրները կը հրաժարին մտնելէ նոր գումարման խորհրդարան: