image

Հալէպի մէջ. Յարգուած անձնաւորութիւն Սեդրակ Պէպէճեանի կորուստը

Հալէպի մէջ. Յարգուած անձնաւորութիւն Սեդրակ Պէպէճեանի կորուստը

«Արեւելք»,- Հալէպէն  տխուր լուր ստացանք։

Մահացած է բնիկ հալէպցի Տիար Սեդրակ Պէպէճեանը (Ծնեալ 1945-ին)։

Հանգուցեալը սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն էր հալէպահայ շրջանակներուն մէջ։

Ընտանիքի  նուիրեալ հայր, որ կարողացած է իր ընտանիքին բոլոր պէտքերը հոգալ ու նաեւ զաւակները հասցնել յաջողութիւններու։

Ըլլալով անդամը բազմազաւակ ընտանիքի մը Սեդրակ Պէպէճեան ընտանիք կազմած էր իր սիրելի Զեփիւռին հետ, որմէ բախտաւորուեցան  զաւակներով՝ Հիլտա, Դալար եւ Անդրանիկ։ Մինչեւ իր մահը միշտ ալ փորձած է հասնիլ համայնքի կարիքներուն  դառնալով նաեւ բարերար շարք մը ծրագիրներու։

Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Այս առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներու եւ յատկապէս անոր քրոջորդի՝ Տիար Ռաֆֆի Գույումճեանին