image

Պատառիկ մը պոռթկում. Գրեց՝ Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

Պատառիկ մը պոռթկում. Գրեց՝ Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

Երբ ջուրն անգամ կը խզէ կոկորդդ

Ու հացը քարի պէս կը քերծէ որկորդ,

Թունաւոր սարսափը կ՚ողողէ ներսիդիդ

Ու հեւքոտ սիրտդ կը մտրակէ կուրծքդ:

Հիւանդ ես այսօր՝ ո՛չ մարմնային ցաւերով,

Խամրած ես՝ հոգիդ պատած կսկիծով,

Ընդվզումդ պոռթկուն ու թախիծդ՝ խայթող

Ի տես զոհասեղանին ու դահիճին կեղեքող:

Անմեղ զուարակներ՝ մանուկներ կաթոգին,

Կանայք լլկուած՝ որովայններով յղի,

Եղբայրդ նահատակ՝ զոհն իր հաւատքին,

Խոցուած հարազատ սուինովն Յուդայի:

Ո՞ր մէկ զոհուածին արցունք առաքես

Ու կարեկցանքի ցօղով վէրքեր ամոքես,

Երբ արիւնարբու բորենին անյագ

Կը յամառի հիւթել հնարքներ հազար:

Լուր են խայտաբղէտ ազգերը համայն,

Արբեցած վաստակի ու վայելքի գինիով,

Իսկ արդարութիւնը՝ սկրթած մանկլաւիկ,

Կուրացած իր «արդար» շահաբաժինով:

Զարթի՛ր աշխարհ քու խոր թմբիրէդ,

Կանգնի՛ր գէթ մէ՛կ անգամ դիւցազնի պէս,

Արդար հերոսի խրո՛խտ կերպարով

Ու մեղքդ քաւէ՛ հազար ու մէկ մեղայով:

 

 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...