Հալէպի մէջ դիպուկահարի կրակոցէ հայ զոհուած է, յայտնած է Հալէպի «Գանձասար» պարբերականը:
Երուանդ Արսլանեանը (ծնած 1958-ին) երէկ Հալէպէն դուրս ելած ժամանակ Սելեմիէի ճամբուն վրայ դիպուկահարի մը արձակած փամփուշտէն վիրաւորուած եւ փոխադրուած էր Համայի հիւանդանոց։ Անոր վիճակը ծանրացած է եւ այսօր կէսօրին դոկտ. Արսլանեան իր մահկանացուն կնքած է։