Օրերս շնորհաւորական այցի մը համար Աթէնք ժամանած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շնորհաշատ եպիսկոպոսներէն՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Տօնոյեանը։
Սրբազան հայրը Աթէնք ժամանած է շնորհաւորելու համար իր օծակից եղբայրներէն՝ Գերպ. Տ. Սահակ ծ.վրդ. Եմիշեանը վերջինիս Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առթիւ։
Ստորեւ ատոր մասին Յունաստանի Թեմի հրապարակած լրատւութիւնը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան շնորհաւորելու համար Յունահայոց նորընտիր Առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանը, Կիրակի 24 նոյեմբերի երեկոյեան ժամանեց Աթէնք։
Այս ծիրէն ներս, Յունահայոց հոգեւոր-վարչական կեդրոն`Ազգային Առաջնորդարանի մէջ, Երկուշաբթի, 25 Նոյլեմբեր 2024-ին, Առաջնորդ հայր սուրբը մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ Թորգոմ սրբազանին հետ, բարի գալուստ եւ կեցութիւնը մաղթելով անոր։
Թորգոմ սրբազան իր կարգին, եղբայրական իր ամենաբիւրեղ ապրումներով շնորհաւորեց իր դասընկեր` նորընտիր Առաջնորդ հայր սուրբը, եւ այս առիթով հաստատեց. «Ձեր առաջնորդ ընտրութեամբ, յունահայոց հոգեւոր-ազգային կեանքէն ներս նոր արշալոյս բացուեցաւ։ Քաջ կը հաւատանք, որ Դուք միայն Ձեզի յատուկ շնորհքներով եւ Ձեզ զարդարող առաքինութիւններով Հոգեւորին բոյրը պիտի տարածէք երկրով մէկ։»
Աւարտին, հայր Սահակ հոգաչափ ուրախութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց Թորգոմ սրբազանին իր տուած այցելութեան համար եւ արժանի հիւընկալութեամբ պատուեց զինք Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։