image

Իսրայէլ-Լիբանան զինադադարը ընթացք առաւ. Իսրայէլ պարտաւոր է 60 օրուան ընթացքին դուրս բերել իր զօրքերը Լիբանանէն

Իսրայէլ-Լիբանան զինադադարը ընթացք առաւ. Իսրայէլ պարտաւոր է 60 օրուան ընթացքին դուրս բերել իր զօրքերը Լիբանանէն

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը հաստատած է, որ հրադադարի մասին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Իսրայէլի եւ լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման միջեւ՝ 13 ամիս շարունակուող մարտերը դադրեցնելու համար։ Այս մասին գրած է BBC-ն՝ աւելցնելով, որ սա եղած է Լիբանանի վերջին տասնամեակներու ամենամահաբեր հակամարտութիւնը, որու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 3,823 մարդ:

«Վաղը տեղական ժամանակով ժամը 04:00-էն (Երեւանի ժամանակով 06:00-ին) պիտի աւարտին մարտերը լիբանանա-իսրայէլեան սահմանի երկայնքով»,-ըսած է Պայտըն՝ աւելցնելով, որ այդ նպատակ ունի ըլլալու «ռազմական գործողութիւններու մշտական դադրեցում»:

Անոր խօսքով՝ Իսրայէլը պարտաւոր է 60 օրուան մէջ դուրս բերել իր զօրքերը Լիբանանէն, իսկ «Հըզպալլա»-ին այլեւս երբեք թոյլ չի տրուիր սպառնալ Իսրայէլի անվտանգութեան: Պայտընը աւելցուցած է, որ յաջորդ 60 օրուան մէջ Լիբանանի զինուած ուժերը պիտի տեղակայուին իրենց տարածքներուն մէջ, իսկ «Հըզպալլա»-ին թոյլ պիտի չտրուի վերականգնել իր ենթակառուցուածքները:

ԱՄՆ նախագահն ընդգծած է, որ Իսրայէլի եւ լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը ձեռք բերուած է ԱՄՆ-ի նախաձեռնութեամբ։

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի անվտանգութեան գրասենեակը հաւանութիւն տուած է լիբանանեան «Հըզպալլա»-ի հետ հրադադարի համաձայնագրին։ Այս մասին հաղորդած է իսրայէլեան Channel 12-ը։

Մինչ այդ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն տեսաուղերձով դիմած է ժողովուրդին՝ յայտարարելով, որ հրադադարի պայմանները պիտի ներկայացնէ պատերազմական գրասենեակի հաստատման։ Ան նշած է, որ եթէ «Հըզպալլա»-ն խախտէ հրադադարի պայմանները, ապա Իսրայէլը հարուած պիտի հասցնէ։