Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ վստահութիւն յայտնած է, որ իր երկիրը պիտի յաղթէ ահաբեկչութեան` անկախ անկէ, թէ ով անոնց կ՚աջակցի կամ կը հովանաւորէ:
Սուրիոյ նախագահի գրասենեակի հաղորդմամբ՝ նման յայտարարութիւն ան ըրած է Ապխազիոյ նախագահի պաշտօնակատար Պատրա Կումպայի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ:
«Նախագահ Ասատն ընդգծած է, որ ահաբեկչութիւնը չի հասկնար ոչ մէկ լեզու, բացի ուժի լեզուէն»,-ըսուած է գրասենեակի յայտարարութեան մէջ:
Նոյեմբեր 30-ին սուրիական բանակը յայտնած է, որ ստիպուած եղած է վերախմբաւորել իր ուժերը Հալէպի մէջ ահաբեկիչներու յարձակումը ետ մղելու ժամանակ՝ խաղաղ բնակիչներու եւ զինծառայողներու կեանքը պահպանելու համար եւ կը պատրաստուի հակագրոհի: