Վերջերս, կազմակերպութեամբ Գերմանիոյ Հայոց առաջնորդարանի, Քէօլնի մէջ տեղի ունեցած է «Հայ-գերմանական երաժշտական կամուրջ» համերգը, նուիրուած՝ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Նոյեմբեր 15-ին, Քէօլնի “Domforum“ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած է «Հայ-գերմանական երաժշտական կամուրջ» համերգը, կազմակերպութեամբ Գերմանիոյ Հայոց առաջնորդարանի եւ աջակցութեամբ Քէօլնի կաթողիկէ ուսումնական կեդրոնի։
Համերգը նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին։
Յանուն թեմակալ առաջնորդ Սերովբէ սրբազանի՝ բացման խօսքը արտասանած է Սայեաթ սարկաւագ Պօյաճեան։
Մեներգչուհի Անուշ Նազարեան (Քէօլն) եւ դաշնակահարուհի Արփինէ Կալինինան (Երեւան) հայ եւ օտար ունկդիրներուն ներկայացուցած են Կոմիտասի, Ռոմանոս Մելիքեանի, Պախի, Շուպերթի, Շումանի ստեղծագործութիւններէն ընտրանի մը։
Երաժիշտներու կատարումները արժանացած են ներկաներու ջերմ ընդունելութեան։