image

Իրանը պատրաստ է երկխօսութիւն սկսիլ Թրամփիվարչակազմին հետ

Իրանը պատրաստ է երկխօսութիւն սկսիլ Թրամփիվարչակազմին հետ

Իրանի կառավարութիւնը պատրաստ է երկխօսութիւն սկսիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին հետ, յայտարարած է Իրանի ռազմավարական հարցերով փոխ նախագահ Մոհամմատ Ճաուատ Զարիֆ՝ նշելով պայմանը։

 «Իրանի վրայ ճնշում գործադրելու փոխարէն Արեւմտեան երկիրները պէտք է ձեռնարկեն դրական քայլերու։ Միջուկային գործարքը այդպիսի քայլերու եզակի օրինակ էր, եւ Արեւմուտքը պէտք է ձգտի վերակենդանացնելու այն։ Անոր համար անհրաժեշտ է  յստակ գործնական միջոցառումներ իրականացնել՝ կայացնել քաղաքական, իրաւական որոշումներ,  ներդրումներու մասին որոշումներ, որոնցմէ Իրանը կրնայ շահիլ: Եթէ ​​Թրամփ որոշէ նման քայլերու ձեռնարկել, Իրան պատրաստ է երկխօսութեան, որ օգուտ կը բերէ թէ՛ Թեհրանին եւ թէ՛ Ուաշինկթընին»,- Զարիֆ գրած է ՝ Foreign Affairs ամսագիրի սիւնակին մէջ։

Նշենք, որ Իրանի մէջ  Զարիֆ կը համարուի արեւմտամէտ դիրքորոշում ունեցող քաղաքական գործիչ։  2013-2021 թուականներուն, Զարիֆ եղած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը եւ անմիջական մասնակցութիւն ունեցած է 2015 թուականի միջուկային համաձայնագիրի մշակման  ու կնքման գործին մէջ։