Լիբանանի ներքին անվտանգութեան ուժերու կողմէ յայտարարութիւն մը հրապարակուած է, ուր նշուած է, թէ հետախուզական աշխատանքներու արդիւնքով երկու սուրիացի ձերբակալուած է, որոնք կը մեղադրուին Լիբանանէն Սուրիա ապօրինի սահմանահատումներ կազմակերպելու մէջ:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին համաձայն, վերջիններուս ուղեկցող 163 անձը նոյնպէս ձերբակալուած է, ապօրինի սահմանահատման փորձ կատարելու մեղադրանքով:
Ձերբակալուածներուն 86-ը տղամարդ էին, 40-ը՝ կին, իսկ 37-ը՝ երեխայ:
Աղբիւրին փոխացմամբ, երկու սուրիացի օրինախախտներէն մէկուն մօտ ատրճանակ յայտնաբերուած է:
Ձերբակալուած անձերն ու առգրաւուած իրերը յանձնուած են իրաւասու մարմիններուն: