Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, իր քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին առիթով, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցած է Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ horizonweekly-էն:
Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, իր քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին առիթով, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին Սուրբ Պատարագին սպասարկեց, Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Շխրտմեան։
Քարոզէն առաջ Սրբազան հօր ձեռամբ օրհնուեցան Տէր եւ Տիկին Խաչիկ եւ Արշօ Զարիֆեաններու կողմէ նուիրուած Սուրբ Խորանի նոր վարագոյրն ու ծածկոցները, ինչպէս նաեւ դպրաց եւ սարկաւագաց նոր շապիկները ի յիշատակ իրենց վաղամերիկ դստեր՝ Սեդա Զարիֆեանի։ Օրհնուեցաւ նաեւ Տէր եւ Տիկին Գէորգ եւ Թիթառ Քէօշկէրեաններու կողմէ նուիրուած Սուրբ Խորանի խաչը։
Ապա, հետեւելով Վեհափառ Հայրապետի կոչին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ աղօթք ընթերցեց Արցախի քաղաքական բանտարկեալներուն ու զինուորական գերիներուն շուտափոյթ ազատ արձակման համար։
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին յանուն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, վարդապետական լանջախաչ անցուց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Շխրտմեանի վիզէն, առ ի երախտագիտութիւն իր եօթը տարիներու ծառայութեան։
Ապա, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զոհուած քաջարի զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թէրզեան, Եկեղեցւոյ Ազգային Երեսփոխանները, Ազգային պատգամաւորը, Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցին ու Հայ Կեդրոնին մէջ գործող կազմակերպութեան եւ միութեանց ներկայացուցիչները։
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔ. ՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԱՆԳՈՒՎԸՐԻ ՀՕՄի ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Կիրակի, 10 Նոյեմբեմերի առաւօտուն Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Շխրտմեանի եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետուհի՝ Տիկին Ծովիկ Թէրզեանի, այցելելց ՀՕՄի միօրեայ վարժարան, ուր հանդիպեցաւ աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին հետ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղղեց աշակերտներուն եւ թելադրեց կառչած մնալ Հայ լեզուին, գիրին, մշակոյթին եւ պատմութեան։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց ուսուցչական կազմին տարած անձնուէր աշխատանքը: